Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորի Արշաւանքին 120ամեակ. «Յու­լիս ամ­սու25-ին կա­տա­րե­ցէք մեր տօ­նը»

Յուլիս 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­լիս 25ի այս օ­րը, 120 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան եւ ռու­սա­կան կայս­րու­թեանց տի­րա­պե­տու­թեան տակ երկ­փեղ­կո­ւած, այ­լեւ ա­նոնց մի­ջեւ կռո­ւախն­ձոր դար­ձած ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը ապ­րե­ցաւ ազ­գա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իր ինք­նավս­տա­հու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հպար­տա­ռիթ պա­հը։
Ինչ­պէս որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին մաս­նա­կից­նե­րէն եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման լու­սա­ւոր ռահ­վի­րա­նե­րէն ­Գա­լուստ Ա­լո­յեան հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր սրտա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու կող­մէ պահ­պա­նո­ւած ու պան­ծա­ցո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան եր­գին մէջ.

Կար­կուտ տե­ղաց ­Խա­նա­սո­րայ դաշ­տու­մը,
Ֆե­տա­յի­ներ դաշ­նակ­ցա­կան, վրէժ ա­ռան հով­տու­մը

Մի ժա­մո­ւայ մէջ ­Մազ­րիկ ցե­ղը ջնջո­ւե­ցաւ,
Խա­նա­սո­րայ ­Կա­նաչ դաշ­տը կար­միր ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցաւ:

Հա­յեր յի­շէք նո­ւի­րա­կան այս օ­րը,
Յու­լիս ամ­սու քսան­հին­գին կա­տա­րե­ցէք մեր տօ­նը:

25 ­Յու­լիս 1897ի ան­մո­ռա­նա­լի այդ օ­րը, պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սա­ւո­րու­մով եր­կա­տո­ւած ու գե­րե­վա­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը, իր դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րուն յայտ­նա­բե­րած ու­ժե­րու գե­րա­գոյն լա­րու­մով, պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մին վրայ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­նա­լու ի­րա­ւուն­քը նո­ւա­ճեց։
Ինչ­պէս որ ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած սի­րո­ւած եր­գը կը յու­շէ, մէ՛կ օ­րո­ւան մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը։ ­Քա­նի մը ժա­մէն քիւրտ յան­ցա­գործ­նե­րու կար­միր ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րայ կա­նաչ դաշ­տը։
Հա­րիւ­րա­ւոր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­րեան հե­ղու­մին պա­տաս­խա­նա­տուն էր թրքա­կան պե­տու­թեան ա­րիւ­նար­բու կա­մա­կա­տա­րը դար­ձած քրտա­կան ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բը, որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քով ա­րեա՛մբ պատ­ժո­ւե­ցաւ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեա՛ն ո­րո­շու­մով։
24էն 25 ­Յու­լիս 1897ի լուս­ցող գի­շե­րո­ւան կա­նուխ ժա­մե­րուն, թուրք–­պարս­կա­կան սահ­մա­նը յանդգնօ­րէն հա­տե­ցին 253 դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­ներ, ո­րոնց 40ը՝ ձիա­ւոր։ Ար­շա­ւա­խում­բը ճամ­բայ ե­լաւ ­Սալ­մաս­տէն, ա­րա­գօ­րէն կտրեց Ա­րաուլ լե­րան լան­ջը եւ, լեռ­նա­յին ճա­նա­պար­հով, ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի ­Վա­նայ ­Լի­ճին հա­րաւ-ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող ­Խա­նա­սո­րի դաշ­տը։
Խա­նա­սո­րայ դաշ­տը ա­մառ­նա­յին բա­նա­կա­վայրն էր ա­նարգ ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին, որ իր ա­րիւ­նար­բու ա­շի­րա­թա­պետ ­Շա­րաֆ պէ­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, տա­րի մը ա­ռաջ, 1896ի ­Յու­նի­սին, ուղ­ղա­կիօ­րէն թի­կուն­քէն հա­րո­ւա­ծած ու կո­տո­րա­ծի են­թար­կած էր ­Վա­նէն ­Պարս­կաս­տան անց­նող ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր հայ մար­տիկ­ներ։ Թր­քա­կան բռնա­կա­լու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցած յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­ներ էին ա­նոնք, ո­րոնք դաշ­նակ­ցա­կան ­Պե­տո­յի, ար­մե­նա­կան Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ հնչա­կեան ­Մար­տի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ ­Վա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ա­ռա­ջին կռիւ­նե­րը մղած էին եւ ան­զէն հա­յե­րու վրայ յար­ձա­կող թրքա­կան զօր­քը ետ մղած էին։ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տոս­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ ու ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ՝ թուրք կու­սա­կա­լին եւ ­Վա­նայ հա­յոց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած էր հա­մա­ձայ­նու­թիւն, ո­րուն հի­ման վրայ հե­րո­սա­բար կռուած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պէտք է հե­ռա­նար ­Վա­նէն։
Այդ ե­րի­տա­սարդ­ներն էին, զի­նեալ եւ ան­զէն տղաք, որ նոյ­նինքն ­Պե­տո­յի, Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ ­Մար­տի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ կ­þուղ­ղո­ւէին դէ­պի ­Սալ­մաստ՝ Ատր­պա­տա­կան, երբ թուր­քեւ­պարս­կա­կան սահ­մա­նը չհա­տած՝ յար­ձա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցան եւ կո­տո­րո­ւե­ցան ­Շա­րաֆ պէ­յի ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին կող­մէ։
Հայ­կա­կան ա­րիւ­նի այդ­պէս վա­տա­բար ու ա­նարգ հե­ղու­մը, քիւրտ հրո­սակ­նե­րու ձե­ռամբ, ան­պա­տաս­խան եւ ան­պա­տիժ չէր կրնար մնալ ու չմնա՛ց։
Եւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը ե­կաւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այդ հա­տո՛ւ պա­տաս­խա­նը անջն­ջե­լիօ­րէն խա­րա­նե­լու ­Հա­յը սե­փա­կան Երկ­րին մէջ կո­տո­րե­լու ե­լած ա­մէն կար­գի ո­սոխ­նե­րու ճակ­տին։
Թր­քա­կան բռնա­տի­րու­թեան ծա­ռա­յա­կո­չո­ւած ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բը այդ­պէ՛ս ստա­ցաւ իր ար­դար պա­տի­ժը։
Իսկ ­Հայ­րե­նա­տէր ­Հա­յը վե­րա­կանգ­նեց իր ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը՝ դա­րե­րու գե­րու­թե­նէ ետք հայ­կա­կան այ­րու­ձի կազ­մե­լով եւ ի հե­ճուկս պարս­կա­կան, ռու­սա­կան թէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ճնշու­մի զօր­քե­րուն, սե­փա­կան հո­ղին ու կեան­քին տի­րու­թիւն ը­նող պատ­ժա­կան այդ ար­շա­ւան­քին ձեռ­նար­կե­լով։
Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շատ եր­կար մտա­ծեց եւ նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան ու յա­ջո­ղու­թեան բո­լոր ե­րես­նե­րով եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով քննեց ու կշռա­դա­տեց իր քայ­լը, գործ­նա­կան ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան դի­մե­լէ ա­ռաջ։ ­Հարկ ե­ղաւ սպա­սել մին­չեւ 1896ի տա­րե­վեր­ջին եւ 1897ի տա­րես­կիզ­բին ­Թիֆ­լի­սի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մին՝ եզ­րա­կաց­նե­լու եւ ո­րո­շե­լու հա­մար, որ ա­յո՛, պէ՛տք էր այդ­պէս՝ մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով մը քրտա­կան ցե­ղա­խում­բը պատ­ժել եւ, նախ, անհ­րա­ժեշտ դա­սը տալ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հա­յու ա­րիւն կը հե­ղէին՝ ան­պատ­ժե­լիու­թեան ա­պա­ւի­նե­լով։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու, ­Մար­տիկ­նե­րու եւ ­Պե­տո­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան վրէ­ժը լու­ծել։ Ու, տա­կա­ւին, հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ջար­դա­րար ­Սուլ­թա­նին, թէ՛ ­Պի­ղա­տո­սի պէս ձեռ­քե­րը լո­ւա­ցող Եւ­րո­պա­յին ազ­դա­րա­րել, որ այ­լեւս կա­րե­լի չէ բիրտ ու­ժով լռու­թեան մատ­նել կամ ա­րեան բաղ­նիք­նե­րու մէջ խեղ­դել փոր­ձել հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի մար­տու­նակ ձայ­նը։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, հայ ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տագ­րա­կից քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րը մեծ մա­սամբ ի վեր­ջոյ հասկ­ցան, որ ի­րենց իսկ ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան սի­րոյն զէնք պէտք չէ բարձ­րաց­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր յե­ղա­փո­խա­կան զա­ւակ­նե­րուն դէմ։ ­Սուլ­թա­նին կող­մէ զի­նո­ւած, հո­վա­նա­ւո­րո­ւած եւ հա­յոց դէմ ար­ձա­կո­ւած, ա­րիւ­նա­լի կո­տո­րա­ծի ձեռ­նար­կած ու ան­պա­տիժ մնա­ցած քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րէն շա­տեր ի վեր­ջոյ սթա­փե­ցան եւ անդ­րա­դար­ձան, թէ թշնա­մին հայն ու ­Հա­յաս­տա­նը չեն, այլ՝ նոյ­նինքն թրքա­կան պե­տու­թիւնն է։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին եւ ա­նոր մե­ծա­ւո­րին՝ ­Շա­րաֆ պէ­յի օ­րի­նա­կով ա­նուղ­ղայ բար­բա­րոս­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ այն­պի­սի՛ «հա­մո­զիչ» դաս, որ բո­լորն ալ անդ­րա­դար­ձան, թէ այ­լեւս կա­րե­լի չէ հա­յու ա­րեան ու ինչ­քին հետ այդ­պէս վա­րո­ւիլ՝ ան­պա­տիժ սպան­նել ու յափշ­տա­կել, գող­նալ ու ա­ւե­րել։
Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին ան­մո­ռա­նա­լի դա­սե­րուն վեր­ջի­նը, այ­լեւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը ե­ղաւ այն, որ նոյ­նինքն ­Սուլ­թա­նին եւ ա­նոր հի­ւանդ մար­դու սնա­րին շուրջ հա­ւա­քո­ւած, միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «ժա­ռան­գէն» ա­ռիւ­ծի բա­ժին խլե­լու կայ­սե­րա­պե­տու­թեամբ կու­րա­ցած եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րուն հարկ էր լսե­լի ու հասկ­նա­լի դարձ­նել միեւ­նոյն հա­տու պատ­գա­մը. ­Հա­յը այ­լեւս ան­ցեա­լի ռա­յան ու ստրու­կը չէ, այլ՝ ազ­գա­յին իր ի­րա­ւունք­նե­րուն, Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար «Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ» վճի­ռով զէնք բարձ­րա­ցու­ցած անն­կուն մար­տիկն է։
Թէեւ իր շղթա­յա­զերծ­ման ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կը նոր ա­ւար­տած էր հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կու­մը, այ­սու­հան­դերձ՝ ար­դէն կտրած էր ինք­նա­հաս­տատ­ման այն­քան կա­րե­ւոր ու­ղի, որ ի վի­ճա­կի էր այդ­պէս՝ 250է ա­ւե­լի մար­տիկ­նե­րով ար­շա­ւա­խումբ կազ­մա­կեր­պել եւ պատ­ժել հայ ժո­ղո­վուր­դին ու հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն սպառ­նա­ցող «ցեց»ե­րը…
1897ի տա­րես­կիզ­բին գու­մա­րո­ւած թիֆ­լի­սեան իր ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վէն եւ ա­նոր հաս­տա­տած ա՛յս ո­րո­շու­մէն ետք ալ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց յե­ղա­փո­խա­կան շրջա­հա­յե­ցու­թեամբ շար­ժիլ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քի կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան քայ­լե­րուն մէջ։ ­Մին­չեւ ­Յու­նիս 1897 շա­րու­նա­կո­ւե­ցան բուռն քննար­կում­նե­րը եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած եւ ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ա­ռա­ջար­կին շուրջ։ ­Թէեւ ոչ ոք վի­ճե­լի կը նկա­տէր հա­յոց ազ­գա­յին­–ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ կա­յին հիմ­նա­ւոր ա­ռար­կու­թիւն­ներ այդ­պի­սի մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով ցու­ցա­կան քայ­լի մը ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան, նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան եւ, ին­չու ոչ, նաեւ յա­ջո­ղե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հան­դէպ։
Ատր­պա­տա­կան հա­ւա­քո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ ֆե­տա­յի­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը։ ­Հոն էին ­Նի­կոլ ­Դու­մանն ու ­Վար­դա­նը (­Մեհ­րա­պեան), իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեանն ու ­Կա­րոն (Ա­րիս­տա­կէս ­Զօ­րեան, ­Ռոս­տո­մի կրտսեր եղ­բայ­րը), ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեանն ու ­Վազ­գէ­նը (­Տիգ­րան ­Տէ­րո­յեան), ­Գուր­գէնն (­Պաղ­տա­սար ­Մա­լեան) ու ­Սեւ­քա­րե­ցի ­Սա­քոն, Ք­րիս­տա­փոր Օ­հա­նեանն ու ­Գա­լուստ Ա­լո­յեա­նը, ­Փո­խիկն ու Ախ­պե­րը, տա­կա­ւին նո­րա­գիր պարզ զի­նո­ւոր Անդ­րա­նիկն ու շատ–­շա­տեր։ ­Շուրջ ե­րեք հա­րիւ­րի կը հաս­նէր ա­նոնց թի­ւը։
Ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին հա­մա­ձայն չէին Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի, ­Վար­դա­նի եւ ­Վազ­գէ­նի տա­րո­ղու­թեամբ հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք Երկ­րի մէջ՝ յատ­կա­պէս ­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին, յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին կա­ռոյց­նե­րու եւ դաշ­նակ­ցա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ռահ­վի­րա­նե­րը ե­ղած էին։ Ա­նոնք կը նա­խընտ­րէին զի­նա­կան թէ մարդ­կա­յին ու­ժե­րը խնա­յո­ղա­բար գոր­ծա­ծել, շա­րու­նա­կել լուռ եւ ա­նաղ­մուկ կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծը ու նոր թափ տալ Երկ­րի զին­ման եւ մար­տա­կան ու­ժե­ղաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ խու­սա­փե­լով ցու­ցա­կան քայ­լե­րէ, ո­րոնք մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ա­ւե­լի ազ­դու կրնա­յին ըլ­լալ։ ­Մա­նա­ւանդ որ նոր պա­տա­հած էր ­Պոլ­սոյ մէջ Օս­մա­նեան Դ­րա­մա­տան գրաւ­ման ցու­ցա­կան քայ­լը։
Բայց ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եր­կա­թեայ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ։ Ան կրցաւ պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին շուրջ հա­մա­խո­հու­թիւն ա­ռա­ջաց­նել։ ­Դու­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն ջերմ պաշտ­պանն էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կող­մէ ու­ղար­կո­ւած լիա­զօ­րը՝ ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեան, որ ­Թաւ­րիզ ա­ռա­քո­ւած էր յատ­կա­պէս Ար­շա­ւան­քին վե­րա­բե­րեալ ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը փու­թաց­նե­լու յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։ Հ.Յ.Դ. Ատր­պա­տա­կա­նի Կ. ­Կո­մի­տէն ­Յու­նի­սի վեր­ջե­րուն վճռա­հա­տեց հար­ցը՝ ար­շա­ւա­խում­բի կազ­մու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լով եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, ­Վազ­գէ­նին ու ­Գուր­գէ­նին յանձ­նա­րա­րե­լով, որ լա­ւա­պէս զի­նո­ւած 30 հո­գի­նոց խում­բով մը ուղ­ղո­ւին դէ­պի ­Վան ու ­Սա­սուն։
Նոյ­նինքն ­Վար­դան եւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան նշա­նա­կո­ւե­ցան ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տար եւ օգ­նա­կան հրա­մա­նա­տար։ ­Հա­րիւ­րա­պետ­ներ նշա­նա­կո­ւե­ցան ­Փո­խիկ եւ Ախ­պեր։
Իսկ ­Նի­կոլ ­Դու­ման, որ գլխա­ւոր դար­բինն էր պատ­ժա­կան Ար­շա­ւան­քի գա­ղա­փա­րին, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ար­շա­ւա­խում­բի չորս յիս­նա­պետ­նե­րէն մէ­կը։ Ճշ­դո­ւե­ցան նաեւ տաս­նա­պետ­նե­րը։ ­Սեւ­քա­րե­ցի ­Սա­քո­յին վստա­հո­ւե­ցաւ ձիա­ւոր խում­բի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Եւ 21էն 25 ­Յու­լիս 1897ին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը։
25 ­Յու­լիս 1897ին ­Խա­նա­սո­րի դաշ­տին վրայ գտնո­ւող ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բի բո­լոր տղա­մար­դիկ ա­րեամբ քա­ւե­ցին ի­րենց մեղ­քը։ ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ձեռք չեր­կա­րե­ցին կա­նանց եւ մա­նուկ­նե­րու վրայ։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու այդ վե­հանձն գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թե­նէն օգ­տո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ­Շա­րաֆ պէյ, որ կա­նա­ցի հա­գուստ հա­գած կրցաւ ճո­ղոպ­րիլ։ Ս­պան­նո­ւե­ցաւ նաեւ ա­նոր անձ­նա­կան հիւ­րը ե­ղող թուրք հա­րիւ­րա­պե­տը։
Եր­գին բա­ռե­րով՝

Սոս­կաց քիւր­տը՝ լե­ղա­պա­տառ մազ­րիկ­ցին,
Չէր ե­րա­զեր ջնջո­ւել ի սպառ քաջ ֆե­տա­յու գնդա­կէն:

— Եա­մա՜ն, Աս­տո­ւած, ֆե­տան ե­կաւ, ո՞ւր փախ­չինք,
Ը­սաւ որ­դուն կրծքին սեղ­մած լե­ղա­պա­տառ քրտու­հին։

— ­Մի՛ վա­խե­նար, հան­գիստ կե­ցիր, պա­ճի ճան,
Կա­նանց եր­բեք ձեռք տա­լու չէ վրէժխն­դիր քաջ ֆե­տան:

Ար­շա­ւա­խում­բը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, բայց դէ­պի պարս­կա­կան սահ­ման նա­հան­ջի իր ճամ­բուն վրայ ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ մեր­ձա­կայ լեռ­նե­րէն խու­ժած քիւրտ զի­նեալ­նե­րու հետ։
Մ­ղո­ւե­ցան բուռն կռիւ­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ար­շա­ւա­խում­բը ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ. նա­հա­տա­կո­ւե­ցան քսան մար­տիկ­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ հա­րիւ­րա­պե­տի օգ­նա­կան ­Կա­րոն, յիս­նա­պե­տի օգ­նա­կան­ներ ­Խա­նը, Կ­րե­տա­ցին եւ ­Սա­ղա­թէլ խան ­Զօհ­րա­պեա­նը, ինչ­պէս նաեւ տաս­նա­պետ­ներ ­Շա­ւարշն ու ­Խա­չի­կը։
Այ­սօր 120 տա­րի ան­ցած է ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քի պատ­մա­կան այդ օ­րէն, բայց կար­ծէք նաեւ այ­սօ­րո­ւան մեր սե­րունդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած պատ­գամ էր ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տա­րին՝ ­Վար­դա­նի կո­չը ­Խա­նա­սոր ար­շա­ւող­նե­րուն.–
«­Ցոյց տանք մեր հա­սա­րա­կու­թեան թե­րա­հա­ւատ մա­սին, որ ըն­դու­նակ ենք յե­ղա­փո­խա­կան — թէեւ ան­հա­ւա­սար — կռի­ւը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ռաջ տա­նե­լու. ցոյց տանք ամ­բողջ աշ­խար­հին, որ հայն էլ գի­տէ կռո­ւել ա­զա­տու­թեան հա­մար»։ Ի­րա­պէս ալ, նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շար­քե­րուն մէջ, ­Խա­նա­սո­րի յան­դուգն Ար­շա­ւան­քը կամ­քեր կռա­նեց եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ջրդե­ղեց։
Հայ­րե­նի հո­ղին, սե­փա­կան ինչ­քին ու պա­տո­ւին տէր ու տի­րա­կան կանգ­նե­լու յանդգ­նու­թեամբ լե­ցուց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու սիրտն ու միտ­քը։
Զ­գաս­տա­ցուց քիւրտն ու թուր­քը։
Իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց տէր կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան առ­ջեւ դրաւ ա­զա­տա­խոհ Եւ­րո­պան։
Եւ յատ­կա­պէս հայ ազ­գա­յին­–ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման առ­ջեւ բա­ցաւ կռի­ւը նո­րո­վի թա­փով շա­րու­նա­կե­լու եւ ծա­ւա­լե­լու լայն հո­րի­զոն­ներ՝ ան­խու­սա­փե­լի ան­կում­նե­րու եւ հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու ար­նա­ներկ ճամ­բով վե­րա­կանգ­նե­լով ­Հայ­րե­նա­տէր ­Հա­յուն ազ­գա­յին՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա՛ն ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը։

Նախորդը

24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը

Յաջորդը

Խանասոր. 120-ամեայ գաղափար-խորհրդի արդիական հնչեղութիւնը…

RelatedPosts

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի
Անդրադարձ

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

Փետրուար 3, 2023
Մի՛ Շեղէք Սլաքները
Անդրադարձ

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

Փետրուար 3, 2023
Մեզմէ Պիտի Չլսէք
Անդրադարձ

Բացուի՛լ

Փետրուար 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In