Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսէք, Թէ Ո՛վ Է Խօսողը

Յուլիս 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Շաբաթավերջին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցնցիչ ազդարարութիւն ուղղեց Իսրայէլին` «շարժելու օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու հիման վրայ»:

Անկախաբար Երուսաղէմի մէջ բռնկած պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի վերջին իրադարձութիւններէն եւ բաժնելով հանդերձ պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային թէ կրօնական ազատութեանց արդար իրաւունքը, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել Էրտողանի նշեալ յայտարարութեան վրայ:

Արդարեւ, Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու մասին, բայց պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ օրէնքներ, ի՞նչ մարդկային արժէքներու մասին է ձեր ակնարկը: Փաստօրէն, եթէ քիչ մը խոշորացոյցով  քննելու ըլլաք ձե՛ր իսկ քիթին տակ կատարուող դէպքերը, պիտի նկատէք, թէ որքա՛ն յետամնաց  էք ու տակաւին քարէ դարաշրջանի մէջ կ՛ապրիք: Տակաւին երէկ, աւելի քան վաթսուն ցուցարարներ ձերբակալել տուիք Անգարայի մէջ, որովհետեւ անոնք համարձակած էին կարծիքի ազատութեան համար բանտարկուած իրենց ազգակիցներուն ազատ արձակումը պահանջել: Աւելի՛ն, քանի մը օր առաջ ձեր խորհրդարանը, պարո՛ն նախագահ, խոշո՜ր կարմիր գիծ մը կը քաշէր ձեր իսկ պատմութեան անկիւնադարձային իրողութեան` Հայոց ցեղասպանութեան վրայ` նման եզրի գործածումն իսկ արգիլելով:

Տակաւին չենք խօսիր 24 ապրիլ 1915-ին օր ցերեկով համայն ժողովուրդ մը բնաջնջելու ձեր նախորդներու ճիւաղային բռնարարքին մասին, երբ հարիւր հազարներով հայ մանուկներ որբացան, բազմաթիւ յղի հայուհիներու արգանդները ճեղքուեցան ձեր ենիչերիական սուիններով` «ծննդաբերելով» նորածիններու դիերը: Օսմանեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար ճակատ մեկնած հազարաւոր  հայազգի զինուորները  ողջակիզուեցան զինաթափ ըլլալէ ետք եւ տակաւին ի՜նչ ու ի՜նչ  սարսափելի ու  անմարդկային բռնարարքներ: Բացէ՛ք մարդկութեան պատմութեան հանրագիտարանը եւ հոն պիտի նկատէք ձեր` թուրքի իսկակա՛ն նկարագիրը: Նկարագիր, որ ո՛չ միայն փորձանք եղած է մարդկութեան, այլեւ` ձեր իսկ ազգին: Արդարեւ, դուք եւ ձեր նախորդները անտեսելով ձե՛ր իսկ  սուլթաններուն կողմէ հրապարակուած` 1839-ի Հաթթը Շերիֆի եւ ապա 1856-ի Հաթթը Հիւմայունի հրովարտակներու (Թանզիմաթ) օրէնքներն ու  աւելի ուշ 1908-ի Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, գործադրեցիք Ատանայի ջարդերը, նախքան այդ փորձելով արեան մէջ խեղդել 1894-96-ին հայ ժողովուրդի մղած Սասնոյ ապստամբութեան խիզախ կեցուածքը: Ու այսօր, բազմած ձեր եւ ձեր նախորդներուն կողմէ բռնագրաւուած հայկական բնօրրանին` գրաւեալ Հայաստանին (Անի, Վան, Սասունի, Տրապիզոն, Կարս Արտահան…) վրայ կը ճառէք օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու մասին: Կարդացէ՛ք ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթի նորագոյն խմբագրականը, ուր բացայայտօրէն բռնատիրական կ՛որակուի ձեր վարչակարգը…

Առածը կ՛ըսէ. «Ապակիէ տուն ունեցողը ուրիշին վրայ վրայ քար չի նետեր»:

Պարզ թելադրանք մը պարոն նախագահ` լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ակնոց մը, գլխարկ մը եւ ինչո՛ւ չէ` հովանոց մըն ալ կրէք, ձեր, թուրքերո՛ւ երեսին թքող մարդկութեան կշտամբանքներէն խուսափելու համար: Այլապէս` ինչպէ՞ս պիտի համարձակիք  քալել 21-րդ դարու լուսաւոր ու պայծառ օդին տակ:

Սթափեցէ՛ք պարոն Էրտողան, աշխարհ վաղու՜ց փակած է խաւարի «ասպետներու» դարաշրջանը, անոնք միայն ձեր, թուրքերո՛ւն մօտ կը շնչեն տակաւին, իբրեւ այսպէս կոչուած անմահ լեռնաբնակներ` «հայլենտըրներ» մերթ Գորշ գայլերու, մերթ ՏԱՀԵՇ-ի տիպարներով…

 

 

 

 

Նախորդը

Փիթըր Սքանչելին

Յաջորդը

Արշաւանք Մը, Որ Դպրոց Է Ամէն Բանէ Առաջ (Խանասորի 120-ամեակ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?