Թէեւ վերջին տարիներուն աւելցած են Իրան-Հայաստան առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները, սակայն արձանագրուած ցուցանիշը կողմերուն չի բաւարարեր: Երկու երկիրները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` տնտեսական կապերը աւելի սերտացնելու համար:
Ըսուածին ապացոյցը, ըստ իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեանի, Հայաստանի ու Իրանի միջեւ մուտքի արտօնագիրի դրութեան վերացումն է, Իրան մուտք գործած հայկական ինքնաշարժներու երաշխիքային գումարի նուազեցումն է: Եթէ նախապէս երաշխիքային գումարը կ՛արժէր 500 տոլար, հիմա հայ վարորդները 90 տոլար կը վճարեն:
Տնտեսական աշխուժութիւն, ըստ Իսրայէլեանի, կը նկատուի նոր կառուցուող Սիւնիքի ազատ առեւտուրի գօտիի կառուցումէն ետք: Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ Մեղրի-Նորդուզ սահմանային միացեալ դարպասի առկայութիւնը: