Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգի Մը Պատմութիւնը.- Խանասորի Արշաւանքին Ձօնուած Երգերուն Հոլովոյթը (Բ.)

Յուլիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

120 տարիներ անցած են Խանասորի պատմական վրիժառական արկածալից արշաւանքէն, բայց հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս ՀՅ  Դաշնակցութեան 19-րդ դարու վերջին տասնամեակին մղուած ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ Խանասորի վրիժառական արշաւանքը իր տեսակով եզակի կը մնայ, այն իմաստով, որ ան բոլորովին կը տարբերէր նախապէս մղուած կռիւներէն, ինչպէս` 1894-ի Սասնոյ առաջին ապստամբութիւնը: Այս վերջինին պարագային, մարդոց աւելի մեծ թիւ մը մասնակցած էր կռիւին, որ ունէր ինքնապաշտպանութեան բնոյթ: Իսկ Խանասորը, իր հակայարձակողական եւ վրիժառական արշաւանքով, նոր էջ մը կը բանար մղուող ազատագրական պայքարին մէջ: Ան իր փայլուն յաղթանակով հասած էր իր նպատակին:

Այս առումով, յատուկ ուշադրութեան արժանի է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Թորոսի, բուն անունով` Գալուստ Ալոյանի յօրինած «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտում» երգը: Անմիջապէս ըսենք, որ Ալոյեան իր համեստ եւ ժողովրդանուէր խառնուածքին համար վաստակած էր «Տարվիշ» («Դարուիշ») անունը:

Գալուստ Ալոյեան Խանասորի արշաւանքին իբրեւ մասնակցող` ներշնչուած է իր զինակից մարտական ընկերներու սխրանքներով, այդ պատճառով ալ յօրինած է այս երգը: Երգին եղանակը ապագային մշակուած եւ դաշնաւորած է երաժիշտ Գէորգ Կառվարենցը:

Հրացաններու գնդակները կարկուտի պէս տեղացած են մազրիկ բարբարոս քիւրտ ցեղի գլխուն, որ վայրագօրէն կոտորած էր Վանէն Սալմաստ (Պարսկաստան) անցնող հայ յեղափոխականները: Հետեւաբար երգին մէջ տեղացող գնդակներու տարափին համընթաց, խօսուն է նաեւ ֆետայիի ասպետական ոգին:

Երգին բառերը նկարագրական համակողմանիութեամբ ինքնին հերոսապատումն է: Երգին հոգի ու կեանք տուողը վստահաբար  ապրողը կամ այդ ապրումը շնչողն է, որ այսքան հարազատ կրնայ դրսեւորել:

Երգը թէեւ իր պարզ բառերու շարահիւսուացքով կը ներկայանայ մեզի, սակայն խորքը այլ բան է: Ամէն ինչէ առաջ դէպքին նկարագրութիւնն է, ապա աշխարհագրական, գաղափարական, պատմական, հայ ֆետայիի նկարագրի, դաստիարակչական ու օրհասի թելադրականութեան համապարբակ պատումն է:

Միւս կողմէ, մեզի ծանօթ է զինագործ Կարոյի (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը) նահատակութեան դէպքը արշաւանքի ընթացքին: Կարոն նահանջի ընթացքին ամօթ կը համարէ կռնակ դարձնել բուռ մը քիւրտերուն, Կրետացիին կողքին կը շարունակէ մարտնչիլ… Կրետացին չ՛ուզեր բաժնուիլ իր ընկերոջմէ, երկուքն ալ կը զոհուին իրենց դիրքին մէջ: Այս պատկերը իր հարազատութեամբ Գալուստ Ալոյեան փորձած է մեզի ներկայացնել իր սոյն երգի վերջընթեր տունին մէջ` այդ տունը նուիրելով Կարոյի յիշատակին…

Երաժշտութիւնը հանդարտահոս կառուցուածքով, սակայն աշխուժ, առնական կշռոյթով է: Մերթ ընդ մերթ բարձրացող ու մեղմացող ձայնաշարերու շարահիւսուած ագուցուածքով կ’արտայայտէ վրէժի ու հերոսութեան բորբոքն ու թելադրողական սրտազեղումները: Մարտական սքանչելի երգը կը պատկերացնէ «Մոսին»-ներէն տեղացող կարկուտանման գնդակները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք երգին բառերը.

Խանասորի Արշաւանքը

Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը,
Ֆետայիներ դաշնակցական վրիժառու գոռում են:

Սոսկաց քիւրտը` լեղապատառ մազրիկցին,
Չէր երազում ջնջուել ի սպառ քաջ ֆետայու գնդակից:

– Եաման, Աստուած, ֆետան եկաւ ուր փախչինք,
Ասաց որդուն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրտուհին:

– Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր, բաջի ջան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան:

Մի ժամուան մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,
Խանասորայ կանաչ դաշտը կարմիր գոյնով ներկուեցաւ:

Փչի՛ր, շեփոր, դէպ’ Արաուլ մենք թռչենք,
Դիրքեր բռնենք, գաթայ, հալուայ ձիւնի ջրով ճաշակենք:

Մերթ կռւում է, մերթ բարձրանում քաջ ֆետան,
Եզակի է պատմութեան մէջ արշաւանքի տեսարան:

Չկար Կարոն, տխուր պատեց ամէնքին,
Երանի՜ է նրա հոգուն, որ զոհ դարձաւ այդ կռուին:

Քեզ ենք յանձնում մեր քաջերը, ո՛վ պաշտելի Արաուլ,
Կրծքիդ մէջը ամուր պահիր անմահ զոհերն հայերուն:

Կը գայ շուտով շղթան կտրած հայ մարդը,
Մեր զոհերը ամուր պահիր գրկիդ մէջը խնկելի:

Հայե՛ր, յիշէք նուիրական այդ օրը,
Յուլիս ամսու քսանհինգին կատարեցէք մեր տօնը:

*
*    *

Խանասորի արշաւանքը հայ մարտական ոգիի զարթօնքն էր, եւ այդ քաջարի արարքը ապացուցեց, որ հայը արթնցած է եւ կարող է սեփական ուժով ու զէնքով պատուհասել իր թշնամին:

Ահաւասիկ վերոնշեալ միտքը լայն կողմերով նկարագրուած է «Խանասորի հերոսներ» երգին մէջ: Այս երգին ու երաժշտութեան հեղինակը կը մնայ մեզի անծանօթ:

Երգի առաջին երկու տողերը կարգ մը երգարաններու մէջ յաճախ տեղափոխուած են:

Այստեղ հեղինակը ամէնէն հարազատութեամբ ներկայացուցած է արշաւանքին եղելութիւնը: Նախ իբրեւ բառեր, ապա` երաժշտութիւն:

Երաժշտութիւնը քայլերգային է` ծանր կշռոյթով, ուժեղ ու լայն, ծանրութիւնը կը պահէ, կարծէք արշաւանքին դրդապատճառ եղած ութ հարիւր հայերու անմեղ արեան վրէժը առնուած ըլլալու հաստատման պատումն է, որ կը ներկայանայ մեզի: Արդարեւ, փոխվրէժի արարքի նկարագրութիւնը իր հնչական ուժգնութեամբ եւ խօսքերու եղերերգութեամբ կը համապատասխանէ եղանակի պատմողական ընթացքին:

Խանասորի Հերոսները

Դաշնակցութեան վեհ քաջերը
Պաշարեցին Խանասորը,
Վատ Շէրիֆի վրանները:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛, հայ քաջ հերոսներ,
Կտրիճներ, որ ջարդեցին շատ քիւրտեր:

Յարձակեցան քրտաց վրան,
Կին ու աղջիկ, փոքրիկ տղաք,
Սարսափեցաւ Շէրիֆ աղան:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛, հայ քաջ հերոսներ,
Կտրիճներ, որ ջարդեցին շատ քիւրտեր:

Առաւօտեան արշալոյսին
Հայ քաջերը զէնք վերցուցին,
Դաշտ ու ձորեր դիակ լեցուցին:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛ հայ քաջ հերոսներ,
Կտրիճներ, որ ջարդեցին շատ քիւրտեր:

Վրանների բարակ սիւներ
Այրում էին հայ հերոսներ,
Սեւ կապեցին քրտաց մայրեր:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛, հայ քաջ հերոսներ,
Կտրիճներ, որ ջարդեցին շատ քիւրտեր:

Սպարապետ, քաջն Վարդան,
Հրաման տուր քայլենք դէպի Վան,
Կործանենք գահը բռնութեան:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛, հայ քաջ հերոսներ,
Կտրիճներ, որ ջարդեցին շատ քիւրտեր:

*
* *

Յաջորդ երգը «Խանասորի կռւում»-ը («Ինկածների յիշատակին») նուիրուած երգն է: Այս երգը քանի մը տուներով միայն լսած ենք պատանեկան տարիքին: Սակայն մեր պրպտումներէն եւ շրջապատէն իմացած էինք տուներուն աւելի ըլլալը: Հետեւաբար մեր ուսումնասիրութեան շնորհիւ կրցանք հասնիլ երգի ամբողջական վիճակին` 8 տուներուն, զորս կը ներկայացնենք:

Երաժշտութիւնը քնարերգական է, քիչ մը` մելամաղձոտութեան թեքուող, հոն չկան ելեւէջներ, առաջ գացողը նիւթն է, երգին բառերը: Մեղեդիին մէջ կը զգանք գաղափարա-յուզական բովանդակութեան նշանակալիութիւնը:

Այս երգը յուշարձան մը կը բովանդակէ Խանասորի մէջ ինկած քաջարի հերոսներուն: Ափսոս, որ այս երգին հեղինակը նոյնպէս անյայտ կը մնայ մեզի:

Խանասորի Կռւումը

(«Ինկածների յիշատակ»-ին)

Յուլիս ամսուն քսանհինգին,
Մոսին հրացան պատրաստ ձեռին,
Քրտի ոխը պահած սրտին,
Դէպ’ Խանասոր դիմեց ուժգին:

Երեք հարիւր հայ քաջերով,
Բոլորը զինուած մոսիններով,
Շէրիֆ բէկին մեծ ջարդ տալով,
Կարոն ընկաւ վրէժ կանչելով:

Ագուլիսցի քաջ պատանի,
Հօրդ մօրդ ո՞վ լուր տանի,
Քեզպէսներուն միշտ երանի,
Դուք էք յոյսը Հայաստանի:

Փչեց մեզ հով Արաուլից,
Հայերի սիրտն էլ այրեց,
Խանի պէս քաջն մեզանից խլեց,
Հայ քաջերի սիրտն էլ այրեց:

Դու ո՞վ ունիս, որ քեզի լայ,
Գերեզմանիդ վրայ ողբայ,
Թշնամիէդ վրէժ առնէ,
Անբաղդ հայուն օգնող չկայ:

Խունկով մոմով գամ Խանասոր,
Արցունք թափեմ ես ամէն օր,
Քեզ հարցնելով մնացի մոլոր,
Նստած կու լամ միշտ սգաւոր:

Արտասուքս հեղեղ դարձաւ,
Պայծառ օրս խաւարեցաւ,
Դաշտ ու ձորեր արիւն դարձաւ,
Խանի պէս քաջը զոհուեցաւ:

Ա՜խ, երանի թո՜ղ մեռնէի,
Ազգս ազատուած տեսնէի,
Ուրախ գերեզման մտնէի,
Եւ հանգստութեամբ ննջէի…

*
* *

Խանասորի նուիրուած այլ երգ մըն է «Խանի երգը»: Այս երգը բնականաբար պիտի անդրադառնանք, որ «Խանասորի կռւումը» («Ինկածների յիշատակին») երգի համարներէ առնուած եւ ոչ շատ բարեփոխուած երգ մըն է: Նոյնիսկ անոր երաժշտութիւնը մնացած է նոյնութեամբ: Երգարաններու մէջ իր տեղը գտած է «Խանի երգը» վերնագրով:

Հոս ակնարկուած Խանը, բուն անուն- ազգանունով` Կարապետ Դաւթեան, ծնած է Ղազախի շրջանի Թաուզ գիւղը, 1873 թուականին: Մասնակցած է 1896 թուականին Վանի ինքնապաշտպանական կռիւներուն: Նահատակուած է 1987 թուականին, Խանասորի արշաւանքին, որուն կը մասնակցէր իբրեւ յիսնապետի օգնական:

Խանի Երգը

Ագուլիսցի քաջ պատանի,
Մահուանդ լուրը ո՞վ թող տանի,
Քեզպէսներուն միշտ երանի,
Դուք էք յոյսը Հայաստանի:

Խունկով մոմով գամ Խանասոր,
Արցունք թափեմ ես ամէն օր,
Քեզ հարցնելով մնացի մոլոր,
Նստած կու լամ ես ամէն օր:

Յուլիս ամսուն քսանհինգին,
Մոսին հրացան պատրաստ ձեռին,
Թուրքին ոխը պահած սրտին,
Դէպ’ Խանասոր դիմեց ուժգին:

Արտասուքըս հեղեղ դարձաւ,
Պայծառ օրս խաւարեցաւ,
Լեռներ, ձորեր արիւն լացաւ,
Խանի պէս քաջը զոհուեցաւ:

Սուրս առնեմ, ելլեմ յառաջ,
Թուրքեր ջարդեմ ես ձախ ու աջ,
Ես ալ հայ եմ պարտաճանաչ,
Ազգիս համար մեռնիմ ես քաջ:

(Շար. 2)

 

 

 

 

Նախորդը

Լիզպոն. Հայաստանի Համար` Հայաստանէն Հեռու

Յաջորդը

Անմիջապէս Պատժել Սրբապիղծները

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?