Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Զբաղելու Լափշինի Արտայանձնման Հարցով

July 22, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Ազրպէյճանի մէջ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը, եթէ վերջինս այդպիսի խնդրանքով դիմէ Ռուսիոյ:

Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Լափշինի կողմէ այդպիսի միջնորդութեան պարագային ռուսական կողմը պիտի դիմէ Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան` 1998-ի ուխտի տրամադրութեանց համաձայն:

Արդարադատութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ուխտին համաձայն, բանտարկուած դատապարտեալները կրնան արտայանձնուիլ, եթէ նոյնինքն դատապարտեալը կամ անոր հարազատները, փաստաբանները դիմեն Ռուսիոյ կամ Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութիւն: Արտայանձնման պայմաններէն են` դատարանի վճիռի ուժի մէջ մտնելն ու դատապարտեալին ցանկութիւնը:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք Լափշին կը պատրաստուի՞ բողոքարկել Պաքուի դատարանին որոշումը:

Փեսքով. «Լափշինի Արտայանձնումը Քրեմլինի Նիւթը Չէ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի հաւանական արտայանձնումը Քրեմլինի նիւթը չէ: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինը կը հետեւի՞ այդ նիւթին եւ պիտի պնդէ՞ Լափշինի արտայանձնումին վրայ, Փեսքով յայտարարած է. «Ո՛չ, ատիկա Քրեմլինի նիւթը չէ»:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Լափշինի փաստաբան Էտուարտ Չեռնին չէ բացառած Լափշինի Ռուսիոյ արտայանձնումը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքը իր կարգին հաղորդեց, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ պաշտպանել Լափշինի իրաւունքներն ու շահերը:

«Լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն համաձայն, այսօր Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինը դատապարտած է երեք տարուան բանտարկութեան: Ինչպէս յայտնի է, նախապէս Լափշինին ներկայացուած մեղադրանքները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան հետ», նշած է նախարարութիւնը եւ յիշեցուցած. «Մեր սկզբունքային մօտեցումը այդ գործին արդէն նշուած է. մենք դէմ ենք լրագրողներու կամ մասնաւոր անձերու կողմէ այս կամ այն շրջանին այս կամ այն տարածք այցելութիւններու քրէականացման»:

«Պիտի շարունակենք Ռուսիոյ քաղաքացիի օրինական իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան աշխատանքները` հաշուի առնելով դատարանի վճիռը: Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչները կը պահպանեն Լափշինի եւ անոր փաստաբանին հետ կապերը», աւելցուցած է նախարարութիւնը:

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Բռնի Ուժ Կը Կիրարկեն Երուսաղէմի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Նամազ Կատարողներուն Դէմ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.