Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան դիւանի անդամ Նազարէթ Սապունճեան, որ 1992-էն ի վեր ընկերակցութեան ելեւմտական հարցերու քարտուղարի հանգամանքով մաս կը կազմէ այդ ընկերակցութեան, «ԱԶԴԱԿ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընկերակցութեան հիմնական աշխատանքը լոպիինկ ընելն է:
Ն. Սապունճեան նշեց, որ նախապէս Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութեան մէջ հայ գործարարները կը կազմէին 16 առ հարիւրի տոկոս մը, սակայն ներկայիս համեմատութիւնը աւելի նուազած է:
Բայց եւ այնպէս Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութիւնը նպաստաւոր բոլոր պայմանները կը ստեղծէ ի խնդիր ճարտարարուեստի զարգացման։
Ան նշեց, որ ինք նաեւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութեան անդամակցելու յանձնախումբին նախագահն է։
Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ Լիբանանի ներածած եւ արտածած արտադրութիւններու գումարներուն, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել երկրին մէջ տիրող տնտեսական իրավիճակին ծանրութիւնը:
Ն. Սապունճեան յայտնեց, որ Լիբանան 19 միլիառ տոլարի արտադրութիւն կը ներածէ, իսկ անոր դիմաց 3 միլիառ տոլարի արտադրութիւն կ՛արտածէ: «Հետեւաբար կը ստեղծուի 16 միլիառ տոլարի նիւթական բաց մը: Այդ բացը կը փակուէր զբօսաշրջիկներու աշխուժութեամբ, արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ Լիբանանի մէջ բնակարաններու առքով, կատարուած ներդրումներով, Ծոցի երկիրներէն Լիբանան ժամանող մեծահարուստներու եւ Լիբանանի մէջ բնակարանի ու հողի առքով, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց ընտանիքներուն առաքուած գումարներով: Սակայն վերջին երկու-երեք տարիներուն տարեկան 16 միլիառ տոլարի բացը անկարելի եղաւ փակել, ինչ որ շատ վտանգաւոր է», ըսաւ ան:
Ն. Սապունճեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ընդհանուր արտադրութեան գումարին, որ 52 միլիառ տոլար է, իսկ անոր պետական գանձարկղին բացը` 75 միլիառ տոլար: «Եթէ այլ երկրի մը մէջ ըլլայինք, պետութիւնը սնանկացման յայտարարութիւն կը կատարէր, բայց Լիբանանի պարագային նոյնը չէ, որովհետեւ ան ունի գոյատեւելու գաղտնիքներ, որոնք սակայն երկար չեն կրնար տեւել», նշեց Ն. Սապունճեան:
Անդրադառնալով Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան որդեգրած թեքնիքներուն` Ն. Սապունճեան յայտնեց, որ մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումը քաջալերելու:
Պէտք է նշել նաեւ, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երեք տարի առաջ տուաւ հետեւեալ որոշումը. այն ընկերութիւնը, որ իր արտադրութիւնները կ՛արտածէ, ի՛նչ տոկոսով, որ արտածում կատարէ, նոյնքան տոկոսով իր շահատուրքը (մալիէ) պիտի նուազի: «Այսինքն, եթէ ընկերութիւն մը իր արտադրութեան 50 առ հարիւրը կ՛արտածէ, ապա իր վճարելիք շահատուրքը, որ օրէնքի համաձայն` 15 առ հարիւր է, ինքնաբերաբար պիտի դառնայ 7,5 առ հարիւր: Եթէ ընկերութիւն մըն է, որ իր արտադրութեան 98 առ հարիւրը կ՛արտածէ, ապա ան շահատուրք չի վճարեր», ըսաւ ան:
Ն. Սապունճեան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարին կողմէ նման որոշումի մը յանգելու համար Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութիւնը տարիներ շարունակ մեծ ճիգեր ի գործ դրած է:
Ան անդրադարձաւ նաեւ երկրորդ նպաստաւոր պայմանին, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ որոշուած է վերջերս:
«Այդ որոշումին համաձայն, այն ընկերութիւնը, որ վերջին երեք տարիներուն իր արտադրութեան 50 առ հարիւրէն աւելին արտածած է, կրնայ դիմել որեւէ դրամատան եւ իր արտածած 60 տոկոսին համազօր վարկ մը ստանալ` վճարելով միայն 3 առ հարիւր տոկոս: Օրինակ եթէ ընկերութիւն մը 5 միլիոն տոլարի աշխատանք կը կատարէ եւ այդ գումարին 3 միլիոնը (այսինքն` կէսէն աւելին) արտածած է, ապա ան այդ 3 միլիոնին 60 տոկոսը, որ 1 միլիոն 8 հարիւր հազար տոլարի համազօր գումար մըն է, կրնայ ստանալ որեւէ դրամատունէ եւ իր ստացած այդ վարկին համար վճարել միայն 3 առ հարիւրի տոկոս: Ստացուած այդ գումարի տոկոսին տարբերութեան վճարումը պիտի ստանձնէ Կեդրոնական դրամատունը` առ ի զօրակցութիւն ճարտարարուեստի մարզին», շեշտեց ան:
Ն. Սապունճեան շեշտեց, որ աշխատանքի տրամադրուող դրամին զօրակցելու նպատակով նման որոշումի մը յանգելու համար Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութիւնը տասնեակ տարիէ մը ի վեր կը գործէ:
Անոր հիմնական նպատակն էր գործարարներու նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի անոնք իրենց պիւտճէները կայուն դարձնեն եւ իրենց ընթացիկ աշխատանքներուն հեզասահ ընթացք ապահովեն:
«Իսկ ներկայիս մեր ընկերակցութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատան հետ մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին, որպէսզի այդ դրութիւնը որդեգրուի` արտածումի համեմատութիւնը 25 առ հարիւրէն աւելի նուազեցնելով: Այդպիսով, աւելի մեծ թիւով գործարաններ կ՛օգտուին այդ դրութենէն, եւ արտածումը աւելի եւս կը քաջալերուի», ըսաւ Ն. Սապունճեան:
Շարունակելով անդրադառնալ Ճարտարարուեստի մարզի գործարարներուն տրուած դիւրութիւններուն` Ն. Սապունճեան շեշտեց, որ լիբանանեան այն ընկերութիւնը, որ իր արտադրութիւններով օտար երկրի մը մէջ միջազգային ցուցահանդէսի կը մասնակցի, Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութենէն կը ստանայ 5000 տոլարի գումար մը:
«Միջազգային ցուցահանդէսներուն մասնակցութիւնը լիբանանցիին համար առիթ մըն է նաեւ իմանալու այլ շուկաներու եւ այլ արտադրութիւններու մասին եւ ըստ այնմ իր արտադրութիւնը բարելաւելու համար մրցակցութեան մէջ մտնելու», ըսաւ ան:
Նազարէթ Սապունճեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանին պատկանող Ճարտարարուեստի ուսումնասիրութեան հիմնարկին, որ հիմնուած է Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ:
«Այս հիմնարկին պարտականութիւնն է քննել դուրսէն ներածուած արտադրութիւնները, որոնք կրնան ըլլալ քիմիական, կերպընկալի, լոյսի վերաբերեալ ապրանքներ: Այն ընկերութիւնները, որոնք մեր ընկերակցութեան անդամ են, այդ քննութեան համար վճարուելիք գումարին կէսը կը վճարեն միայն», ըսաւ ան:
Ն. Սապունճեան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութիւնը համաձայնութիւն ստորգրած է Պէյրութի նաւահանգիստին տնօրէնութեան հետ, որ իր անդամները նաւահանգիստի յատուկ տուրքին կէսը վճարեն։
Ն. Սապունճեան նկատել տուաւ նաեւ, որ լիբանանեան պետութեան օրէնքով գործարանները իրենց արտադրութիւնները, իրենց յատուկ փոխադրամիջոցներով, կրնան բաժնել միայն այն նահանգին մէջ, ուր որ կը գտնուի ընկերութիւնը: «Սակայն Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութեան անդամ ընկերութիւնները ամբողջ Լիբանանի տարածքին կրնան իրենց յատուկ բեռնատարներով բաժնել իրենց արտադրութիւնները շնորհիւ ըկերակցութեան եւ ինքնաշարժի մեքանիզմի ստուգման կեդրոնին հետ գոյացած համաձայնութեան», աւելցուց ան:
Նազարէթ Սապունճեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի ընկերակցութեան անդամակցելու այլ առաւելութիւններու մասին, որոնք ամէն իմաստով կը նպաստեն ընկերութիւններուն գործունէութեան, եւ քաջալերեց բոլոր ընկերութիւնները` անդամակցելու այդ ընկերակցութեան` օգտուելու համար անոր ընձեռած բարիքներէն:
Այս առիթով մօտ օրէն «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ պիտի կազմակերպուի լսարան մը, որուն պիտի հրաւիրուին բոլոր գործարարները՝ ծանօթանալու համար ճարտարարուեստի ընկերակցութեան վերոնշեան եւ այլ տասնեակ օրէնքներուն եւ ընկերակցութեան անդամակցութեան պայմաններուն, որպէսզի անոնք եւս օգտուին ճարտարարուեստի ընկերակցութեան յառաջացուցած այս նպաստաւոր պայմաններէն։