ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրանեան դատական համակարգի բանբեր Հոլամհոսէյն Մոհսինի Էճէին, կը հաղորդէ, որ Իրանի մէջ ձերբակալուած է Հուսէյն Ֆերէյտունը` նախագահ Հասան Ռուհանիի եղբայրը: Ան կը մեղադրուի ելեւմտական յանցագործութիւններու մէջ:
«Երէկ զինք գրաւի դիմաց ազատ արձակած են, սակայն որովհետեւ չէ կատարած ատոր պայմանները, ան բանտարկուած է», յայտարարած է Էճէի:
Կը հաղորդուի, որ նախագահին եղբայրը մեղսակից եղած է պետական ապահովագրական ընկերութեան մէջ վարչականներու ուռճացուած աշխատավարձերու հետ կապուած գայթակղութեան առնչուած պաշտօնեաներու հետ:
«Ֆերէյտունի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ անձերու շուրջ կը կատարուի քանի մը հետաքննութիւն: Կասկածեալներէն ոմանք կալանաւորուած են», աւելցուցած է Էճէի:
Հուսէյն Ֆերէյտուն 2015-ին Իրանի յատուկ ներկայացուցիչն էր Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին:



