Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 6 – Ժամադրավայր» Նոր Հատորը

Յուլիս 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հեղինակին այս երկը կ՛ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները` Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009): Ինչ կը վերաբերի իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր «Ոստայն 3 – հաղորդութիւն» հատորին մէջ (1999):

2005-ի ուղեւորութիւնը Մեծ եղեռնի 90-ամեակին առիթով կայացած էր, իսկ 2008-ինը` Հայաստանի Հանրապետութեա՛ն 90-ամեակին առիթով: 2007-ի ու 2009-ի ուղեւորութիւնները խորհրդաժողովներու առիթով էին:

Այս հատորի առաջին էջերուն մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն.

«Հիմա արդէն Մոնրէալ ենք: Երկու շաբաթը անցաւ երազի պէս, ու ես արտագաղթածի նման կը զգամ հոս:

«Հոն` ուխտագնաց, բայց երբեք` զբօսաշրջիկ, հակառակ վզէս կախուած լուսանկարչական գործիքին, որ երբեմն նաեւ գրպանս կը դնէի ճիշդ այդ տպաւորութիւնը չձգելու համար: Հոն` տեղաբնիկ, հակառակ արեւմտահայերէնին, որմէ կը փորձէի չբաժնուիլ երբեք` դիմադրելով այնքա՜ն հեշտութեամբ կարգ մը բառեր արեւելահայերէնով փոխարինելու փորձութեան»:

Այս տրամադրութիւնները կը յամենան չորս ուղեգրութիւններու ամբողջ ընթացքին, ու Վրէժ-Արմէն մեզի հետ կը բաժնէ իր ապրումներն ու մտորումները, իր տխուր եւ ուրախ պահերը, բազմաթիւ ծանօթներու, ընկերներու եւ մանաւանդ մտաւորականներու հետ իր ունեցած երբեմն ծրագրուած, երբեմն պատահական հանդիպումները, ինչպէս նաեւ` հայրենի չքնաղ բնաշխարհէն եւ պատմական կոթողներէն ստացած իր տպաւորութիւնները:  Հայրենաբնակ  ժողովուրդի զաւակները կ՛երեւին իրենց առօրեային մէջ` իրենց ապրած դժուարութիւններով  թէ ցուցաբերած հիւրընկալութեամբ:

Վերջին ուղեգրութեան վերջին գլուխին մէջ (Վերադա՞րձ) հեղինակը կը գրէ.

«Կը վերադառնանք Մոնրէալ: Կը վարանիմ ըսելու` կը վերադառնանք տուն: Ահա այդ իսկ պատճառաւ ալ պարոյկ մը կայ խորագրին վրայ:

«Իրապէս ո՞ւր կ՛երթանք, ինչո՞ւ կ՛երթանք…»:

***

«Այսօր, մեր «վերադարձ»-էն երկուքուկէս ամիս ետք, երբ կ՛աւարտեմ այս ուղեգրութիւնը, կամ ուղեպատումը (որպէս համազօրը անգլերէն travelogue-ին), անելի մը առաջնորդող այդ հարցադրումը չեմ ուզեր վերստին ընել ձեր, մե՛ր, ի՛մ, առջեւ: Բայց չեմ կրնար այլ հարցումներ չտալ ես ինծի ե՛ւ ձեզի, սիրելի՛ ընթերցողներ:

«Առաջին եւ գլխաւոր հարցումը սա է. այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ չենք յաջողիր աւելի հզօր հայրենիք մը կերտել ազգովին:

«Երկրորդ հարցումը` այլապէս ունի՞նք այլընտրանք»:

Գիրքը կ՛աւարտի հետեւեալ տողերով.

«…կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այլընտրանքը, եթէ չյաջողինք հայրենիքը դարձնել մեր էութեան առանցքը, եթէ Հայաստանը, Արցախն ու Ջաւախքը, այլեւ բռնագրաւուած ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը չդառնայ իւրաքանչիւր հայու, իւրաքանչիւր դաշնակցականի, բոլոր կազմակերպութիւններու ամէն մէկ անդամի առօրեայ կեանքին մասը եւ գոյութեան իմաստը…

«Վերադա՞րձ… մտածենք ա՛յս վերադարձին մասին»:

Գրութիւններուն ընկերակցող բազմաթիւ լուսանկարները աւելի ցայտուն ու կենդանի կը դարձնեն պատումը:

Այս հատորը, ինչպէս նախորդը` «Ոստայն 5 – նամակապատում», լոյս կը տեսնէ միայն առցանց: «Ոստայն 4», «Ոստայն 5» եւ «Ոստայն 6» հատորները կարելի է անվճար կարդալ` այցելելով հետեւեալ կայքէջը`

https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր

Ոստայն 6 -Ժամադրավայր-uni

 

 

 

 

Նախորդը

«Արցա՛խ, Մեր Հպարտութիւնն Ես»

Յաջորդը

Հպարտութեան Եւ Յոյսի Պատկերներ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?