Ուքրանական Սթալ ֆութպոլի ակումբի նոր նշանակուած մարզիչ Եղիշէ Մալաքեան յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները պիտի մնան խումբին հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Եղիշէ Մալաքեան ըսաւ, որ «անոնք քիչ մը ուշ սկսան մասնակցիլ խումբին փորձերուն` նկատի ունենալով, որ անոնց մարզավիճակը այդքան ալ կայուն չէր: Սակայն ատիկա երբեք հարց մը չէ, որովհետեւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին այդ հարցը կը լուծուի»:
Յայտնենք, որ վերջերս Մալաքեան եղբայրները կը մարզուէին Բանանց Երեւանի հետ, որ սակայն առանց անոնց հաւաքի մեկնեցաւ Վրաստան: