Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան հեռացաւ իր պաշտօնէն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Բարսեղեան պիտի ստանձնէ ակումբի գործադիր տնօրէնի խորհրդականի պաշտօնը: Գանձասար-Կապանի նոր գլխաւոր մարզիչին անունը պիտի յստականայ յառաջիկային:
«Նոր մարզիչին անունը այժմ չեմ ուզեր նշել: Բայց ան լաւ մասնագէտ է եւ կը յարգեմ զինք: Անոր կը մաղթեմ յաջողութիւն` իր նոր ասպարէզին մէջ: Խումբին հետ մենք բոլորս պէտք է միասնական ըլլանք` աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար», ըսաւ Բարսեղեան: