Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց քառորդ աւարտականի ճակատումները:
2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ չկրցաւ կիսաւարտականի տոմս մը ապահովել` նկատի ունենալով, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 11-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչի դէմ իր մրցումը չշարունակեց` կրելով 7-6 եւ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ թիւ 1 դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որ 3-6, 6-4, 6-7, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Սեմ Քուերէյէն (24-րդ):