«ԱՍ» կը յայտնէ, որ Մայեմիի մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունենալիք Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի բարեկամական մրցումին տոմսերուն գինը կը հասնի մինչեւ 10 հազար ամերիկեան տոլարի:
Այդ մրցումին տոմսերը, որոնք մարտին արդէն ամբողջութեամբ ծախուած էին 20 վայրկեանի ընթացքին, այժմ սկսած են ծախուիլ «սեւ շուկային» մէջ:
Նշենք, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր օրինական սակը 283 ամերիկեան տոլար եւ քիչ մըն ալ աւելի է:
Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ այս մրցումը պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ սահմաններէն դուրս: Առաջինին, որ տեղի ունեցած էր 1982-ին Վենեզուելայի մէջ, Ռէալ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: