Փորթուգալեան մամուլին համաձայն, տեղւոյն կազմերէն Պենֆիքա մօտէն հետաքրքրուած է Շիրակ Գիւմրիի միջնապահ Վարդան Բիչախչեանով:
Նշուեցաւ, որ փորթուգալեան ակումբը անհամբեր կը սպասէր, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին ֆութպոլիստը դառնայ 18 տարեկան, որպէսզի անոր փոխանցման առումով որեւէ հարցեր չստեղծուի:
Կիրակի, 9 յուլիսին, ան տօնեց իր ծննդեան 18-րդ տարեդարձը: