Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` կիրակի, 9 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Արզի 26-րդ ռելին` մասնակցութեամբ 16 ինքնաշարժներու:
Սոյն ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 311.21 քմ:
Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս ռելիին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ քաթարցի Նասեր Աթիէ («Ֆորտ-Ֆիեսթա-Ար. 5»), որ իրեն օգնական պիտի ունենայ ֆրանսացի Մեթիու Պոմել:
Ռելիին կը մասնակցին նաեւ լիբանանցի փորձառու վարորդներ, որոնց կարգին` Ռոժէ Ֆըղալի, Թամեր Ղանտուր, Ապտօ Ֆըղալի, Ժոզեֆ Հընտի եւ ուրիշներ:
Վերջինին օգնական վարորդը պիտի ըլլայ Վիգէն Գանլըճեան: Անոնք պիտի մրցին «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10» տիպի ինքնաշարժով:
25-27 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 40-րդ միջազգային ռելին: