Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Պաշտպանութեան Բանակը Ձեռնարկած Է Պատասխան Գործողութիւններու, Հակառակորդը Կորուստներ Ունի»

July 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը երէկ երեկոյեան ստիպուած եղած են ձեռնարկել պատասխան գործողութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք վնաս հասցուած է Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտին: Պաշտպանութեան բանակի  համապատասխան ծառայութիւններէն տրամադրուած  տուեալներով, հակառակորդը ունի կորուստներ:

Ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ 4 յուլիսին շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: «Յատկապէս, ժամը 11:30-11:35-ին արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը կիրարկած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ (4 արկ), նոյն հատուածին մէջ ժամը 12:45-12:55-ի սահմաններուն` հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (3 արկ), հարաւային ուղղութեամբ` ժամը 13:35-ին 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ), 19:10-ին` 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ), իսկ 20:20-20:30-ի սահմաններուն Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած զինուորական կեդրոնէն ազրպէյճանական զինուժը ՏՌ-107 տիպի համազարկային հրթիռային համակարգերէ (5 արկ) կրակ բացած է հարաւային ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն հրամանատարական կէտի ուղղութեամբ` 20:48-ին կիրարկելով նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Կատարուածին հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Պաքուի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը», շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչը Վիեննայի Մէջ Քննարկած Է Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Անգամ Մը Եւս Ապացուցուեցաւ, Որ Գործ Ունինք Ահաբեկչական Պետութեան Հետ»

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.