Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ալֆորվիլն Ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած Են

July 4, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի (Վալ տէ Մառնի շրջան) քաղաքային խորհուրդը 30 յունիսին որոշում տուած է Բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրելու Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ:

Բարեկամութեան այս հռչակագիրը 9-րդն է արցախեան եւ ֆրանսական համայնքներու միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրներու շարքին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքէ, որ նաեւ երկար տարիներ վարած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Ալֆորվիլի ներկայ քաղաքապետ Լիւք Գարվունասին, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքապետին:

«Ինծի համար շատ ուրախալի է հռչակագիրի ստորագրման լուրը, որ կը խորհրդանշէ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած աւելի քան 2 տասնամեայ մեր յարաբերութիւնները», նշած է Ռընէ Ռուքէն:

Ալֆորվիլի քաղաքապետ, նաեւ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Գարվունաս, անդրադառնալով հռչակագիրին կողմէ հետապնդուող նպատակներուն, նշած է, որ «փաստաթուղթը թոյլ կու տայ միացեալ ուժերով զարգացնելու Արցախի շրջանները` կարելիութիւն  տալով տեղւոյն բնակիչներուն իրենց հողին վրայ կերտելու սեփական ապագան»:

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նորընտիր երեսփոխան-քաղաքապետը ընդգծած է, որ «հռչակագիրը նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ ծաւալներու հասցնել արդէն գոյութիւն ունեցող միացեալ ծրագիրները»` եզրափակելով, որ «տնտեսական զարգացումն ու աշխատատեղերու ստեղծումը պատերազմի եւ բնակչութեան տեղաշարժերու դէմ լաւագոյն երաշխիքներն են» եւ որ «Եւրոպական Միութիւնը, որ ներկայիս կանգնած է գաղթականութեան խնդիրներու առջեւ, պէտք է իր օժանդակութիւնը բերէ Արցախի մէջ զարգացման նման ծրագիրներու իրագործման»:

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ հռչակագիրներու ստորագրման միջոցով տարուող իր գործունէութիւնը նպատակ կը հետապնդէ Հարաւային կովկասի մէջ վերահաստատել խաղաղութիւնը` ապահովելով բարգաւաճում:

Նախորդը

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Գծով Աւստրալիոյ Յատուկ Հեռարձակողներու Ցանցի Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

980 Միլիոն Դրամ Տրամադրուած Է Սահմանամերձ Համայնքներու Օժանդակութեան

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.