Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Գծով Աւստրալիոյ Յատուկ Հեռարձակողներու Ցանցի Քաղաքականութիւնը

July 4, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը բաց նամակ մը գրած է Աւստրալիոյ Յատուկ հեռարձակողներու ցանցի («Էս. Պի. Էս.») ղեկավար Մայքըլ Էպէյտին` դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ցանցին որդեգրած  քաղաքականութիւնը:

«Էս. Պի. Էս.» կը խուսափի Հայոց ցեղասպանութիւնը իր իրական անունով որակելէն:  «Ցեղասպանութեան ժխտումը պատմութիւն չէ, այլ գաղափարական հարց է: Մենք հիասթափուած ենք, որ նման հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը, ինչպիսին է «Էս. Պի. Էս.»-ը, ընտրած է այս ուղին», կ՛ըսուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նամակին մէջ:

2017-ի մայիսին, Աւստրալիոյ խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին Կանաչներու ներկայացուցիչը Էպէյտէն խնդրած էր յստակացնել «Օսթրելիըն» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ տեղ գտած պնդումները: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, թէ «Էս. Պի. Էս.»-ը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ունի յատուկ քաղաքականութիւն մը, որով կ՛արգիլէ լրագրողներուն կատարուածին տալ ճիշդ որակաւորում` փոխարէնը առաջարկելով «հայերու զանգուածային կոտորած» տարբերակը:

Ի պատասխան հնչած հարցադրման` Էպէյտ ըսած էր. «Էս. Պի. Էս.»-ի մէջ մենք կատարուածը կ՛անուանենք «հայերու զանգուածային կոտորած, որ ոմանց կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ ցեղասպանութիւն»: Կը կարծեմ, նման կերպով մենք մեր ընթերցողներուն թոյլ կու տանք հասկնալ, որ սա վիճելի հարց է, որուն շուրջ ամբողջ աշխարհին մէջ պատմաբանները տարակարծութիւններ ունին:

Էպէյտին ուղղուած բաց նամակին մէջ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, փրոֆ. Էնտրու Ուոլֆըրտ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «հայկական միջադէպ» անուանելը, ինչպէս ան ըրած էր Ծերակոյտի լսումներուն ժամանակ, նոյնն է, ինչ որ Ողջակիզումը «հրէական միջադէպ» անուանելը:

«Իբրեւ ցեղասպանագէտներ` մեզի համար յատկապէս կարեւոր կէտ էր ձեր պնդումներուն մէջ այն, որ պատմաբանները կը վիճաբանին ցեղասպանութեան հարցին շուրջ: Ատիկա բացայայտ կեղծիք է: Կան ցեղասպանութիւնը ժխտող խումբ մը պատմաբաններ, որոնք, սակայն, ցեղասպանագէտներու մեծամասնութեան կողմէ չեն ընդունուիր իբրեւ ծանրակշիռ գիտնականներ», ըսած է Ուոլֆըրտ: Ան յորդորած է «Էս. Պի. Էս.»-ին վերատեսութեան ենթարկել իր քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:

 

Նախորդը

«Պիտի Ջանանք Արեւմտեան Պեքաայի Կարիքները Ապահովել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ալֆորվիլն Ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած Են

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.