Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ատրպատական
Հայ Համալսարանականներու Միութեան Այցելութիւնը Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանք
2 յունիսին, Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, միութեան անդամներէն խումբ մը այցելեց Ջուլֆա: Անոնք ուղղուեցան դէպի Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը:
Ուսանողները հետաքրքրուեցան վանքի դարաւոր անցեալով եւ ուսումնասիրեցին անոր ներքին եւ արտաքին պատերուն վրայ գրուած արձանագրութիւնները:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան այցելեց վայրը եւ աղօթքէ մը ետք ողջունեց ուսանողներուն նախաձեռնութիւնը` յորդորելով զանոնք հետաքրքրուելու սեփական պատմութեամբ եւ արմատներու ուսումնասիրութեամբ:
Ուսանողները այցելեցին նաեւ Վարին Դարաշամբի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Հովիւի մատուռ, ուր նոյնպէս սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը:
Յունաստան
Համազգայինի 21-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը
11 յունիսին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան 21-րդ Ներկայացուցչական ժողովը:
Ներկայացուցչական ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, Շրջանային վարչութիւնը, Համազգայինի միութենական բոլոր կառոյցները, նաեւ` բոլոր փափաքող համազգայնականները:
Բոլոր կառոյցներուն խօսք տրուեցաւ` ամփոփ կերպով ներկայացնելու իրենց շուրջ կէս տարուան գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներն ու գործունէութիւնը: Ապա բացատրութիւններ տրուեցան Ներկայացուցչական ժողովի օրակարգին, աշխատանքի ձեւին եւ օրուան գլխաւոր աշխատանքը հանդիսացող ծրագիր-կանոնագիրի ու ժողովավարական կանոններու յաջորդական աշխատանքի փուլերուն մասին, որուն աւարտին սոյն կանոնագիրները պիտի յղուին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` առ ի վաւերացում, որմէ ետք անոնք անջատաբար պիտի տպագրուին գրքոյկով եւ պիտի տրամադրուին բոլոր մասնաճիւղերու անդամներուն ու փափաքողներուն:
Աւարտին, Շրջանային վարչութիւնը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ որոշ կառոյցներու հետ` լուծելու համար դիմագրաւուող կազմակերպական ու այլ դժուարութիւններ:
Միացեալ Նահանգներ
Շարլ Ազնաւուր Անուանական Աստղ Կը Ստանայ Հոլիվուտի Համբաւի Ճեմուղիին Վրայ
Շարլ Ազնաւուր, իտալացի դերասանուհի Ճինա Լոլոպրիճիտա, ամերիկացի դերասաններ Քրիսչն Տանսթըն եւ Ճեֆ Կոլտպլում, բրիտանացիներ Ռիչըրտ Պրենսոն ու Սայմըն Քաուէլ, ռեփըրներ Սնուփ Տակ եւ ուրիշներ 2018 թուականին աստղ պիտի ստանան Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին վրայ: Այս ցուցակը հրապարակած է Հոլիվուտի Առեւտրական գրասենեակը:
Կոմիտէի նախագահ, բեմադրիչ եւ արտադրող Վին Տի Պոնա նկատել տուաւ, որ իրենք ուշադրութեամբ ուսումնասիրած են իւրաքանչիւր յաւակնորդ` աւելցնելով, որ յաջողած են ընտրել խումբ մը տաղանդաւոր անձեր, որոնք կը ներգործեն աշխարհի մէջ բազմաթիւ համակիրներու ճաշակին վրայ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ աստղեր ստացողները հպարտ պիտի ըլլան միշտ Հոլիվուտի պատմութեան բաղկացուցիչ մասը դառնալու հնարաւորութեամբ:
Համբաւի Ճեմուղին կը գտնուի Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելքը: Անոր ստեղծման գաղափարը ծնած է 1953 թուականին, եւ առաջին աստղը կը պատկանի Պրեսթըն Ֆոսթըրին:
«Ռիքաւըրինկ Արմինիա» Գիրքին Ներկայացումը
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» եւ ՀՕՄ-ի «Կարին» մասնաճիւղերուն, 7 յունիսին Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ մտաւորական դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլուի հեղինակած` «Ռիքաւըրինկ Արմինիա» գիրքին ներկայացումը:
«Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին անունով Ռուզանա Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու ելոյթ ունենալով` հարց տուաւ, որ ինչպէ՞ս կարելի է, որ ժողովուրդ մը գոյատեւէ ցեղասպանութենէ ետք, եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ, անոնք, որոնք վերապրեցան Ցեղասպանութենէն ետք, շարունակեցին ապրիլ յանցաւոր պետութեան մը մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ գիրքը ունի երկու մասեր ու անցումային շրջան մը, որ երկու մասերը իրարու կը կապէ: Առաջին մասը կը սկսի 1918-ի հոկտեմբերին, երբ օսմանեան կառավարութիւնը ընդունեց պարտութիւնը` հասնելով մինչեւ 1923 թուական, որ կը նախանշէ Լոզանի դաշնագիրին ստորագրումը` Անգարայի կառավարութեան ու դաշնակիցներուն միջեւ: Երկրորդ շրջանը կ՛երկարի 1923-1933 թուական, երբ փակուեցաւ «Հայ Կին» ամսագիրը:
Ապա բանախօսը նկարագրեց հայ-թրքական փոխյարաբերութիւններէն զանազան դրուագներ` հաստատելով, որ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք հայերուն, հրեաներուն ու յոյներուն կեանքը դժուարացաւ, որովհետեւ անոնք ստիպուած էին գործածել միա՛յն թրքերէն, դասաւանդել թրքերէն, արգիլել բոլոր այլ լեզուներու գործածութիւնը հանրային վայրերու մէջ, քաջալերել, որ անոնք թուրքերու հետ աւելի շաղուին եւ ընդունին մահմետական կրօնը, հոգեբանութիւնը ու սովորութիւնները, եւ ասիկա կը թուէր ըլլալ Ցեղասպանութեան երկրորդ փուլը:
Պատմաբան մը ըսաւ, որ 1922-1923 Լոզանի դաշնագիրը իրաւունք տուաւ փոքրամասնութիւններուն` գործածելու իրենց լեզուն, պաշտելու իրենց կրօնը եւ` զանազան սովորութիւններ, սակայն այդ դաշնագիրը լրիւ իրաւասութիւններ չունենալով` այս իրաւունքները մասամբ անտեսուեցան պետութեան կողմէ: Հայերը վարժուած ըլլալով ապրիլ իբրեւ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ` կրցան գոյատեւել այդ դժուարին պայմաններուն տակ:
Աւարտին, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բանախօսին:
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Մարի Քարբանեան մեծապէս գնահատեց դոկտ. Էքմեքճիօղլուի ելոյթն ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակած անոր գիրքը:
Մարիա Մեհրանեան «Վուտպըրի» Համալսարանի Հոգաբարձու
Վերջերս «Վուտպըրի» համալսարանի հոգաբարձութեան կազմի անդամ նշանակուեցաւ ճարտարագիտական եւ շինարարական «Քորտոպա» ընկերութեան ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատար եւ վարիչ-գործընկեր Մարիա Մեհրանեանը:
Մեհրանեան 2008-էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է, իսկ 2012-ին ու 2013-ին եղած է այդ մարմինի ատենապետը: 2004-2008 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ ընտրուելէն ետք, 2016-ին ան կրկին ստանձնեց նոյն պաշտօնը: 2007-ին յատուկ մեծարման արժանացած է Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կողմէ: Ան նաեւ արժանացած է «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:
Աւիկ Տէրենցի 60-ամեակ Եւ Գիրքերու Շնորհահանդէս
20 մայիսին Արլինկթընի (Մասաչուսեց) Հայ մշակութային հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ պոսթընաբնակ բանաստեղծ Աւիկ Տէրենցի (Տէյիրմենճեան) ծննդեան 60-ամեակը, եւ կատարուեցաւ նոր հրատարակուած գիրքերու գինեձօն:
Հայկական անկախ ձայնասփիւռի ատենապետ Կարպիս Զերտելեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն` Տէրենց կը շարունակէ գրել եւ հրատարակել:
Օրուան բանախօս Գրիգոր Ճանիկեան անդրադարձաւ Աւիկի գրիչի իւրայատկութիւններուն, ապրումներուն եւ երեւակայութեան մասին: Ան մէջբերումներ կատարեց Տէրենցի գործերէն` ներկայացնելով անոր խոր ապրումներն ու հայրենիքի եւ հայութեան կապուելու զգացումը:
Գեղարուեստական յայտագիրով Եղիշէ Մանուչարեան եւ Վիքթորիա Աւետիսեան ներկայացուցին հայրենի երգերու փունջ մը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Մարինէ Մարգարեանի:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին Էնթընի Տիս եւ Աւիկ Տէրենց: Կարդացուեցաւ հայրենի գրագէտ Գագիկ Դաւթեանի շնորհաւորական նամակը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն:
Գերմանիա
Միւնիխի ՀՄԸՄ-ի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութիւնները
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, 3 յունիսին Միւնիխի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եւ խրախճանքի երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Ա անկախութեան 99-ամեակին եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 2-րդ տարեդարձին:
Ձեռնարկին սկիզբը շեփորախումբը սրահ մտաւ, անոր հետեւեցան սկաուտներու խումբերը, որոնք հնչեցուցին «Մեր հայրենիք»-ը եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նորիկ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, որ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնը եւ խորհուրդը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր մասնաճիւղին անցնող տարուան գործունէութիւնը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ շրջանի հովիւ Այքիկ քհնյ. Յովհաննէսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ շարք մը ազգային, հայրենասիրական երգերով: Ելոյթ ունեցան նաեւ Մանուկ եւ Սերոբ Եղիազարեանները:
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովը
10-11 յունիսին Գերմանիոյ հայոց թեմի Քէօլնի մէջ գտնուող առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ հայոց թեմի թեմական-պատգամաւորական հերթական ժողովը` նախագահութեամբ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի եւ ատենապետութեամբ տոքթ. Խաչիկ Կազերի:
Ներկաները շնորհաւորեցին թեմի առաջնորդը` Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի պատրիարքական տեղապահ ընտրուելուն առիթով: Այնուհետեւ Արա Վարդանեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց թեմին 25 տարիներու գործունէութիւնը:
Երկօրեայ նիստերուն ընթացքին ժողովը քննարկեց օրակարգային զանազան հարցեր, ինչպէս` տեղեկագիրի քննարկում, թեմի 2016-ի հոգեւոր գործունէութիւն, գերմանահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու, նաեւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հետ համագործակցութիւն եւ այլն:
Նիստերու աւարտին սրբազան հայրը ժողովականներուն տեղեկացուց, որ ինք 31 դեկտեմբեր 2017-ին պիտի հրաժարի Գերմանիոյ հայոց առաջնորդի պաշտօնէն, եւ տրուած ըլլալով, որ ընտրուած է պատրիարքական տեղապահ եւ պիտի բացակայի թեմէն, առաջնորդական փոխանորդ Սերովբէ վրդ. Իսախանեանը լիազօրած է ստանձնելու թեմին գործունէութիւնը ղեկավարելու պարտականութիւնները: Ան պիտի փոխարինէ զինք եւ համակարգէ առաջնորդարանի եւ իրեն կապուած համայնքներու գործունէութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովականներուն` նեցուկ կանգնելու առաջնորդական փոխանորդին: Իր կարգին, Սերովբէ վրդ. Իսախանեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին` վստահեցնելով, որ ամենայն բարեխղճութեամբ պիտի կատարէ իրեն վստահուած իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները:
Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ինք պատրաստ է համագործակցութիւնը սերտացնելու առաջնորդարանին եւ անոր հովանիին տակ գործող համայնքներուն հետ: Դեսպանը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ պետական, դիւանագիտական եւ տնտեսական փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի հարցին մէջ Գերմանիոյ կեցուածքին եւ հնարաւոր զարգացումներուն:
Փարիզ
«Թումանեանի Հեքիաթներ»-ը Խորագիրով Հայկական Ներկայացում
Վերջերս Պելճիքայի Օսթենտ քաղաքին մէջ Փարիզի «Վերագտնուած երջանկութիւն» կազմակերպութեան թատերախումբը հանդէս եկաւ «Թումանեանի հեքիաթներ» խորագիրով հայկական ներկայացումով:
Ներկայացուեցաւ թումանեանական չորս հեքիաթ` «Անբան Հուրին», «Սուտասանը», «Կիկոսի մահը» եւ «Անխելք մարդը»:
Փարիզի «Վերագտնուած երջանկութիւն» կազմակերպութեան խօսնակ, Ֆրանսայի մէջ «Այբ Էֆ. Էմ.» ռատիոկայանի լրագրող, հաղորդավար Արտակ Թադէոսեան նշեց, որ «Թումանեանի հեքիաթներ» թատերական ներկայացման յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Փարիզը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վերագտնուած երջանկութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մելիքեանին, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ այս թատրոնը, բեմադրիչ-դերասան Արմինէ Գաբրելեանին, ինչպէս նաեւ` դերասաններուն: