Այս օրերուն ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախ կը գտնուի Պելճիքայի ծերակուտական, Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի անդամ Եորիս Փոշեթը: Ծերակուտականին կ՛ուղեկցէին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ողջունելով Ե. Փոշեթի այցելութիւնը Արցախ, նշած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին հետ բարեկամութեան յանձնախումբը բաւական ընդգրկուն է եւ կը ներկայացնէ Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւնները: «Պելճիքայի խորհրդարանականներուն հետ բաւական ջերմ յարաբերութիւններ ստեղծուած են, եւ կը փորձենք այդ յարաբերութիւնները տեղափոխել գործնական դաշտ», ընդգծած է Վահրամ Բալայեան` յոյս յայտնելով, որ այդ յարաբերութիւնները երկարատեւ ըլլան եւ նպաստեն շարք մը հարցերու լուծման` յատկապէս տեղեկատուական դաշտին մէջ:
Պելճիքացի ծերակուտականը ըսած է. «Այս տագնապին մասին շատ քիչ գիտեն Պելճիքայի մէջ, ատիկա շատ վատ է ձեր գործին համար: Խորհրդարանին մէջ արդէն կայ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբ, որ շատ գործ կը կատարէ»:
Պատուիրակութիւնը Արցախ պիտի մնայ քանի մը օր: Կը նախատեսուի հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի, «Տը Հալօ Թրասթ» կազմակերպութեան, Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի անդամներուն հետ:
Հանդիպում` Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 յունիսին ընդունած է պելճիքացի ծերակուտականը` ֆլամանտական խորհրդարանի անդամ Եորիս Փոշեթը:
Ողջունելով ծերակուտական` խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանականներուն հետ վերջին տարիներուն յաճախակի դարձած հանդիպումները փոխգործակցութեան որոշակի աւանդութիւններ ձեւաւորած են` յարաբերութիւններուն աւելի գործնական ուղղուածութիւն հաղորդելու համար:
«Պելճիքացի գործընկեր խորհրդարանականներու միջոցով կը փորձենք Արցախի պետական եւ հասարակական մարզերու տեսակէտները լսելի դարձնել ե՛ւ Պելճիքայի խորհրդարանական շրջանակներուն, ե՛ւ եւրոպական կառոյցներուն մէջ», նշած է Աշոտ Ղուլեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Եորիս Փոշեթ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու համագործակցութեան խորացման` խորհրդարանական դիւանագիտութեան միջոցով:
«Մենք, իբրեւ փոքր երկիրներ, աւելի քան միւսները, պէտք է աշխուժօրէն օգտագործենք մեր մտաւոր կարողութիւններն ու դիւանագիտական կարելիութիւնները` փակուղային իրավիճակներէն ելք գտնելու համար», շեշտած է պելճիքացի ծերակուտականը:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Արցախի տագնապին շուրջ եւրոպական կառոյցներու վարած քաղաքականութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը խեղաթիւրելու ազրպէյճանական փորձերուն եւ անոնց հակազդելու մեքանիզմներու կիրարկման շուրջ:
Հանդիպումին մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան, Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայ դատի Եւրոպական գրասենեակի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան:
Այնուհետեւ Ազգային ժողովի նիստերու փոքր դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան բարեկամական խումբի անդամներու հանդիպումը Եորիս Փոշեթին հետ:
Բարեկամական խումբի ղեկավար Վահրամ Բալայեան, ողջունելով հիւրը, յայտնած է, որ խումբը պիտի շարունակէ կապող օղակ ըլլալ Արցախի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը եւրոպացի գործընկերներուն տրամադրելու գործին մէջ:
Բարեկամական խումբի անդամները պելճիքացի ծերակուտականին խնդրանքով ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները Արցախի ապագայ կարգավիճակի, սահմանադրական բարեփոխումներէն բխող օրէնսդրական կարգաւորումներու նիւթերով:
Հանդիպում Նախագահ Բակօ Սահակեանին Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է պելճիքացի ծերակուտական, ֆլամանտական խորհրդարանի անդամ Եորիս Փոշեթը: Հանդիպումին քննարկուած են Պելճիքա-Արցախ խորհրդարանական կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման ու խորացման համար կան խոստմնալից հիմքեր, այս շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատելով Պելճիքայի եւ անոր վարչական միաւորումներու քաղաքական, հասարակական, գիտակրթական, մշակութային եւ այլ շրջանակներու ներկայացուցիչներու յաճախակի այցելութիւնները Արցախի Հանրապետութիւն: