Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի գործադիր քարտուղար Մոհամետ Ալի Հաքիմը, որ այս պաշտօնը նոր ստանձնած է:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Հաքիմին` դրուատելով Լիբանանի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի կատարած աշխատանքը:
Իր կարգին, Հաքիմ իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանան գտնուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ նախագահին հետ քննարկեց իր ստանձնելիք պարտականութեան վերաբերող հարցեր:
Ան նշեց, որ ԷՍՔՈՒԱ-ն ՄԱԿ-ի հետեւող միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ Պէյրութի մէջ մնայուն կեդրոն ունի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան պետութեան` ԷՍՔՈՒԱ-ն հիւրընկալելուն համար: