Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամին Ժեմայէլ. «Պաապտայի Հանդիպումը Լիբանանեան Ազգային Շահերը Չի Պահպաներ»

June 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց Պքերքէ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանը ներքին եւ շրջանային առումով կը դիմագրաւէ զգայուն փուլ մը, որուն հետեւանքները անպայման պիտի երեւան երկրին վրայ:

Ան նշեց, որ Լիբանան ի վերջոյ ունեցաւ իր ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ իրենք կը նախընտրէին այդ օրէնքին ծնունդը ապահովել սովորական կերպով` հարց դնելով, որ խորհրդարանին մէջ այդ օրէնքը վաւերացուեցաւ իբրեւ մէկ օրակարգ, առանց անոր մանրամասնութիւններուն շուրջ ժողովրդավարական քննարկումներ կատարելու:

Ժեմայէլ նշեց, որ հակառակ ընտրական օրէնքին բովանդակած բազմաթիւ բացթողումներուն, իրենց այդ օրէնքին հետ պիտի վարուին դրական մօտեցումով:

Ժեմայէլ շեշտեց ընդդիմութիւնը նկատի ունենալու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ խորհրդարանական մակարդակի վրայ ընդդիմութեան դերակատարութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ հիմնական է:

Ան աւելցուց նաեւ, որ երկրին տնտեսական տագնապն ու քաղաքացիներու ապրուստին վերաբերող հարցերը իրենց կարգին դիւրաւ չեն լուծուիր, եթէ անոնք անկեղծօրէն չքննարկուին:

Անդրադառնալով նախագահական պալատին մէջ այսօրուան հանդիպումին` Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Պաապտայի հանդիպումը լիբանանեան ազգային շահերը չի պահպաներ, որովհետեւ անիկա ամբողջական չէ, այլ` մասնատուած:

Ան հաստատեց, որ ազգային հարցերուն շուրջ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել, իսկ եթէ ոմանք քաղաքական հանդիպումներէ դուրս մնացած են, ուրեմն իւրաքանչիւրը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:

«Ի վերջոյ, պահանջուածը դրական եւ շինիչ կերպով վարուիլն է, որովհետեւ երկիրը կարիքը ունի տեսակարար քայլի մը` լուծելու համար երկրին տնտեսական բոլոր հարցերը», ընդգծեց Ժեմայէլ:

 

Նախորդը

Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Լիբանանցի Հայրերը

Յաջորդը

Պըրրի Վերահաստատեց Պետական Կառոյցներուն Աշխատանքը Աշխուժացնելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.