Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութիւնն ու Ֆիթրի տօնին առիթով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: