Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ «Լս լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս, նախորդ շաբաթավերջին անդրադառնալով Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Սպանիայէն հեռանալու հարցին, ըսած է.
«Կը կարծեմ, որ Ռոնալտոյի շուրջ կը գտնուին արհեստավարժ մարդիկ, եւ վստահ եմ, որ ան փախուստ չէ տուած իր տուրքերը վճարելէ: Անոր հեռանալը իսկապէս հսկայական կորուստ մը պիտի ըլլայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան համար»:
Սպանիոյ դատարանը Ռոնալտոն կ՛ամբաստանէ 2011-2014 ժամանակամիջոցին իր տուրքերը վճարելէ խուսափելու յանցանքով:
Այդ տուրքերուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ 14,7 միլիոն եւրօ:
Այս մեղադրանքներէն ետք Ռոնալտօ որոշեց հեռանալ Սպանիայէն:
Կը նշուի, որ Ռոնալտոյով մօտէն հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: