«Այ. Էֆ. Էյ. Պի.» (ֆութպոլի ֆետերասիոններու միջազգային խորհուրդը) մշակած է «Ֆեր Փլէյ»-ի անունը կրող նոր գաղափար մը, որուն գլխաւոր նպատակը ֆութպոլի մրցումներուն աւելի շատ դիտողներ հրաւիրելն է:
Կ՛ենթադրուի, որ ֆութպոլի մրցումի մը տեւողութիւնը 90 վայրկեանէն 60 վայրկեանի կրճատելը պիտի ըլլայ գերսքանչելի տարբերակ մը եւ անոր ընթացքին պէտք է կիրարկուի թայմ-աութի շուրջ մէկ վայրկեան տեւող դադար մը, այնպէս ինչպէս տեղի կ՛ունենայ Հաքիի կամ պասքեթպոլի մրցումներուն ընթացքին:
Այլ գաղափար մը յղանալով` «Այ. Էֆ. Էյ. Պի.» կը յայտնէ, որ այն մարզիկը, որ դիտումնաւոր կերպով դէպի բերդ ուղղուող գնդակը կը հեռացնէ ձեռքով, ոչ միայն պէտք է դաշտէն վտարուի, այլ այդ կոլը պէտք է նկատել նշանակուած:
Կան նաեւ այլ առաջարկներ, որոնց ընկալելի ըլլալը ՖԻՖԱ-ի կողմէ հարցական է: