Նախորդ շաբաթավերջին Թորինոյի մէջ (Իտալիա) աւարտեցաւ Քրոթոնէի մարզիչ Տաւիտ Նիքոլայի կատարած հեծելարշաւի մրցումը:
44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը 2016-2017 տարեշրջանին ընթացքին խոստացած էր, որ եթէ խումբը յաջողի մնալ «Քալչիօ»-ի մէջ, ինք հեծանիւով ամբողջ Իտալիոյ շուրջ պիտի կատարէ հեծելարշաւի մրցում մը:
Քրոթոնէ տարեշրջանին աւարտին գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 17-րդ դիրքը եւ չփոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Ան 9 յունիսին սկսաւ իր խոստացած հեծելարշաւի մրցումին` սկսելով Քրոթոնոյէն մինչեւ Թորինօ, քշելով` 1300 մեթր, այսինքն` անցնելով ամբողջ երկիրը հարաւէն հիւսիս:
Իր կատարած այս քայլը Նիքոլա նուիրեց իր տղուն (14 տարեկան) յիշատակին: Վերջինս քանի մը տարի առաջ զոհ գնաց արկածի մը, երբ անոր քշած հեծանիւը ինքնաշարժի մը կողմէ վրայերթի ենթարկուեցաւ:
Նշենք, որ Նիքոլայի հետ էին նաեւ անոր եղբայրը, զարմիկը եւ Քրոթոնէի աշխատակից մը:



