«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» իտալական մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Պայէրն Միւնիխի հետ:
Գերմանիոյ ախոյեանին մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթի այս գծով փափաք յայտնած է եւ կ՛ուզէ իր կազմին մէջ տեսնել 32 տարեկան Ռոնալտոն:
Կը նշուի, որ այս փոխանցման գլխաւոր խոչընդոտը կրնայ ըլլալ անոր համար վճարուելիք գումարը` 200 միլիոն եւրօ:
Ըստ երեւոյթին, նախապէս յայտարարուած 400 միլիոն եւրոյի գումարը անոր հրաժարագինին գծով այդքան ալ ճիշդ չէր: