Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնապէս մեկնարկը կատարեց իր ընտրական մեքենայի աշխատանքին, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հասնիլ 64 քրիստոնեայ երեսփոխաններու:
Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին համար հպարտութիւն է համամասնական օրէնքի պահանջին իրականացումը:
Պասիլ ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումը կարելի դարձած է Մուսթաքպալ հոսանքին շնորհիւ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին համաձայն գտնուած է համամասնական ընտրական օրէնքին վաւերացման:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ Հըզպալլան նաեւ իրենց ներդրումը ունեցած են ընտրական նոր օրէնքը իրականութիւն դարձնելու իմաստով:
Ան նշեց, որ զինուորականներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնն ու կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը գործադրելու կէտերը պիտի հետապնդուին իրենց կողմէ եւ կարելի պիտի ըլլայ իբրեւ բարեփոխում առաջադրել ընտրական յաջորդ փուլերուն ընթացքին:
Պասիլ շեշտեց, որ իրենց դիմագրաւած յաջորդ մարտահրաւէրը երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու մարտահրաւէրն է` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն պարագային Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շահերը շատ աւելի բարձր են, քան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ոեւէ թեկնածուին շահերը: