Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ֆրանչիսկոս պապէն ստացաւ շնորհաւորական հեռագիր մը` Ֆիթրի տօնին եւ ռամատան ամսուան առիթով:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած տարակարծութիւններն ու բանավէճերը ընտրական օրէնքին մասին:
Մախզումի յոյս յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը գործադրուի եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին: