Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը գրաւող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Շթութկարթի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
1 ժամ 54 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք ան պարտուեցաւ… 302-րդ դասուած գերմանացի Թոմի Հաասէն` 2-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
Այս մրցումը 35 տարեկան Ֆետերերի համար առաջինն էր 2 ամսուան դադարէ մը ետք:
Բացի ասկէ, ան այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով մրցում կատարեց արուեստական խոտով ծածկուած թենիսի դաշտի վրայ: