Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ափաթուրայ. «ՕԹԱՆ Կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործադրած Ջանքերուն»

Յունիս 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը:

Ողջունելով հիւրը` արտաքին գործոց նախարարը դրական գնահատեց Հայաստան-ՕԹԱՆ փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը օրակարգային հարցերու` Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան, Եւրատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի եւ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի ուղղութիւններով իրականացուող փոխադարձ գործակցութեան:

Էդուարդ Նալբանդեան Ճէյմս Ափաթուրային ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղուած` Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը վերահաստատեց դաշինքին աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան շարք մը հրատապ միջազգային եւ շրջանային հարցերու շուրջ:

Նալբանդեան. «Հայաստանը Բարձր Կը Գնահատէ Ռուսիոյ
Միջնորդական Ջանքերը Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ»

Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, միջնորդական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ: Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ օրուան նուիրուած համերգին:

«Ռուսիոյ ջանքերուն շնորհիւ, 12 մայիս 1994-ին Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուեցաւ զինադադարի անժամկէտ համաձայնագիրը: Ատիկա կողմերուն կարելիութիւն տուաւ անցնելու  տագնապի լուծման քաղաքական փուլին», ըսած է նախարար Նալբանդեան:

«Հակառակ ազրպէյճանական կողմին` համաձայնագիրի կատարումը խափանելու շարունակական փորձերուն, որոնց կարգին նաեւ անցեալ  տարուան ապրիլին նախաձեռնած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն, Հայաստանը, Ռուսիոյ, համանախագահ երկիրներուն հետ միասին, կը շարունակէ ջանքերը` իրավիճակի կայունացման եւ տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման նպատակով բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ»,  շեշտած է արտաքին գործոց նախարարը:

«Այս տարի մենք կը նշենք երկու յոբելենական տարեդարձ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի կնքման 20-ամեակը: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը նոր էջ բացաւ մեր երկիրներու ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ», ըսած է Նալբանդեան:

«Գոյութիւն ունի բարձրագոյն մակարդակի աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն: Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին աւելի քան 100 հանդիպում տեղի ունեցած է մեր երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ: Տպաւորիչ թիւ է: Հակառակ անոր որ ատիկա բնական է դաշնակից երկիրներու  համար: Բեղմնաւոր համակարգում տեղի կ՛ունենայ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ կառուցողական փոխադարձ գործակցութիւն միջազգային հարթակներու վրայ: Ունինք սերտ համագործակցութիւն անվտանգութեան եւ զինուորական արհեստագիտութեան մարզին մէջ: Մեր երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի ամուր իրաւական-պայմանագրային հիմք, ստորագրուած են աւելի քան 200 պայմանագիրներ եւ համաձայնագիրներ», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Ռուսիա կը հանդիսանայ կարեւորագոյն առեւտրական-տնտեսական գործընկեր, ռուսական ներդրումները գերազանցած են 3 միլիառ տոլարը, Հայաստանի մէջ կը գործեն ռուսական դրամագլուխով աւելի քան 2000 ձեռնարկութիւններ: Տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններ բացուեցան Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան շնորհիւ», նշած է Նալբանդեան:

«Այսօր, մեր միասնական ջանքերը ուղղուած են անոր, որ հիմնուելով այս ամուր հենքին վրայ, շարունակենք մեր ռազմավարական փոխադարձ գործակցութեան նոր` հեռանկարային ուղղութիւններու որոնումները, եւ հարստացնենք նոր բովանդակութեամբ: Վստահ եմ, որ մեր միասնական ջանքերուն շնորհիւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն ամրապնդուիլ` ի բարօրութիւն մեր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, ի շահ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Նշենք` Ռուսիոյ օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին, ինչպէս նաեւ  այցելած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով. «Եկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Փոխելու Ժամանակը»

Յաջորդը

Երեւանի Քաղաքապետի Երդման Արարողութիւն

RelatedPosts

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023
Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի  Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ  Փաստեր Ներկայացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են

Յունուար 27, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը  Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են  Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Հոլովոյթը
Հայկական

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In