«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին` այդ երկրի ազգային տօնին առիթով:
Նամակին մէջ Մաքրոն հաւաստիացուցած է, որ Ֆրանսա, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, «հաւատարիմ պիտի մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բանակցութիւններու ճամբով` արդարացի եւ կայուն լուծման հասցնելու համար իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն»:



