Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Ընդունեց «Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնախումբի Մասին» Օրինագիծերու Փաթեթը Եւ Պետական Գոյքերու Մասնաւորեցման Օրէնքը

June 10, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ  ամբողջութեամբ ընդունեց «Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի մասին» օրինագիծերու փաթեթը:

Նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ` 92 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Նշեալ օրինագիծով կ՛ընդլայնուի յայտարարագիրներ ներկայացնողներու ցանկը եւ 500-ի փոխարէն 2200 պաշտօնեաներ կը պարտաւորուին հանրութեան ներկայացնել իրենց ունեցուածքը:

Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբը պիտի հետեւի  յայտարարագիրներուն, քննէ յայտարարագրման առնչուող խախտումներուն վերաբերող գործեր:

Յանձնախումբի անդամները պիտի ընտրէ խորհրդարանը` պատգամաւորներու ձայներուն մեծամասնութեամբ:

Միւս կողմէ, «Երկիր մետիա»-ն հաղորդեց, թէ Հայաստանի խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Պետական գոյքի մասնաւորեցման 2017-2020 թուականներու ծրագիրի մասին» օրէնքի նախագիծը, որուն ընդունումով կը նախատեսուի մասնաւորեցնել 47 կազմակերպութիւն: Նախագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունելուն կողմ քուէարկեց 58, դէմ` 31 պատգամաւոր:

Ծրագիրով կ՛առաջարկուի մասնաւորեցնել 47 պետական կազմակերպութիւն, որոնցմէ 23-ը ներառուած եղած են 2006-2007 թուականներու մասնաւորեցման ծրագիրին մէջ: Առաջարկուող ծրագիրով կը մասնաւորեցուին «Հայփոստ» ընկերութիւնը, «Հայաւտոկայարան» ընկերութիւնը, Տաշիրի շարժապատկերի ցանցի գոյքը, «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիօ ընկերութիւնը, «Հրազդան» մարզահամալիրը, «Բիւրեղ» հանքային ջուրերու գործարանի պետական սեփականութիւն հանդիսացող բաժնեմասը, Ստեփանաւանի օդակայանը, առողջապահական  շարք մը կազմակերպութիւններ եւ այլն:

Նախորդը

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Խախտումներու Վիճակագրութիւնը Ներկայացուած Է ԵԱՀԿ-ին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մեկնած Է Ղազախստան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.