ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին Հայաստան այցելութեան ընթացքին յստակացնելու իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան նշած է, որ 10 յունիսին համանախագահներուն Հայաստան այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման արդի հարցերու քննարկում:
«Ըստ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան, 10 յունիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի ըլլան Հայաստան, ուր հանդիպում պիտի ունենան երկրի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Անոնք մտադիր են յստակացնել տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, կը նախատեսուի քննարկում Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման արդի հարցերու, ներառեալ հաշուի առնելով ապրիլի վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Զախարովա աւելցուցած է նաեւ, որ կը նախատեսուի համանախագահներու այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ, իսկ մէկ շաբաթ ետք` Ազրպէյճան: Շրջան այցելութեան արդիւնքին վերաբերեալ պիտի հրապարակուի համապատասխան յայտարարութիւն:
«Կը նախատեսուի նաեւ այցելութիւն Լեռնային Ղարաբաղ: Ռուսիան պիտի ներկայացնէ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփովը, մէկ շաբաթ ետք համանախագահներու եռեակը պէտք է մեկնի Պաքու եւ, համաձայն ձեւաւորուած գործելաոճին, ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ պիտի հրապարակուի համապատասխան յայտարարութիւն», ըսած է Զախարովա: