«Մարքա» հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Փեփէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ֆրանսայի մէջ:
Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը 2 տարուան պայմանագրութեան մը շուրջ համաձայնեցաւ մայրաքաղաքի կազմին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիսին, ան անվճար պիտի փոխանցուի Սեն Ժերմենի, կը յայտնէ վերոնշեալ պարբերաթերթը:
Սակայն այս բոլորը մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ են` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբէն կամ ֆութպոլիստէն պաշտօնական ոչինչ կը յայտարարուի:
Փեփէ 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի: