Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի պատանիներու ախոյեանութեան տիտղոսակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գայեանէ Չիլոյեան, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Ան արձանագրեց 12”28 արդիւնք մը` 100 մեթր վազքի մրցումներուն:
Էլլատա Ալավերդեան 2000 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն տիրացաւ պրոնզ մետալին (11’10”76):
Հայրենի միւս ներկայացուցիչները մրցանակային այլ դիրքեր չկրցան գրաւել:
Խմբային վերջնական դասաւորման մէջ Հայաստանի աղջիկները գրաւեցին 8-րդ դիրքը, իսկ տղաքը` 14-րդ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 17 երկիրներ: