Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՐԱՅՐԻ «ԿԱՐՕՏԱԽՏ»Ը` ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՈՒՐՈՅՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ՄԸ

October 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ցուցահանդէսի բացման ներկաները

Կարօտը, յուզականութիւնը, կնոջական նուրբ ու խօսուն ներկայութիւնը, ձիերն ու իրենց փոխանցած պատկերները, պատգամները, գեղեցկութիւնը, տիրական ներկայութիւն էին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը զարդարած Հրայրի` Հրայր Տիարպեքիրեանի գեղանկարներուն մէջ:

Երէկ` հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, հայ եւ ընդհանրապէս լիբանանցի արուեստասէր հասարակութեան ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ հանրաճանաչ արուեստագէտին գործերու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 նոյեմբեր 2011:

Այս առիթով արտասանած բացման խօսքին մէջ Մէյրի Չոլոյեան ուրախութիւն յայտնեց Հրայրի նման անուն ու վաստակ ունեցող արուեստագէտ մը Համազգայինի ցուցասրահին մէջ հիւրընկալելու եւ անոր գործերը հանրութեան ներկայացնելու առիթին համար: Ան դիտել տուաւ, որ Հրայր իր գործերով ճանչցուած է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ Միջին Արեւելքի մէջ եւս: Իր խօսքի աւարտին Մէյրի Չոլոյեան մաղթեց, որ Հրայրի գործերուն ընդմէջէն ներկաները արուեստի ուրոյն պահեր ապրին:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անունով անգլերէնով խօսք առաւ Լոլա Պէօյիւքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հրայրի գեղանկարներէն արտացոլացող արուեստը եւ կեանքի տարբեր կողմերն ու իմաստները: Ան հաստատեց, որ աւանդականն ու դասականը իբրեւ հիմք ունենալով Հրայր ստեղծած է իր ոճն ու երեւոյթները, բնանկարներն ու էակները դիտելու իր ուրոյն ոճը: Լ. Պէօյիւքեան նշեց, որ ձիերը տիրական ներկայութիւն են Հրայրի գործերուն մէջ` աւելցնելով, որ անոնք խորհրդանիշ են ազնուութեան, հասկացողութեան եւ կեանքի տարբեր սկզբունքներուն, որոնց ընդմէջէն արուեստագէտը կը փորձէ իր ուրոյն ստորագրութիւնն ու դրոշմը զետեղել գործերուն մէջ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հրայրի մէջ կան միջազգային, միջերկրականեան եւ հայկական տուեալները, զգացումներն ու դրսեւորումները:

Իր խօսքը աւարտելով` Լ. Պէօյիւքեան մատնանշեց, որ Հրայրի գործերը իրենց ուրոյն տեղը կը գրաւեն թագաւորական, իշխանական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու պալատներուն մէջ:

Հրայր` իր գեղանկարներուն հետ

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Հրայր, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ հաստատեց, որ հպարտ է հայ ըլլալով եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:

Ապա ցուցասրահը լեցուցած արուեստագէտները առիթ ունեցան ընդելուզուելու Հրայրի գործերուն հետ, թափանցելու անոնց խորքը եւ փոխանցուած պատգամներուն հետ հաղորդակից դառնալու:

 

Նախորդը

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.