Մեր երկուշաբթի օրուան թիւով արդէն անդրադարձած էինք կիրակի, 16 հոկտեմբերին Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի մայր պողոտային վրայ կայացած Պուրճ Համուտի նուիրուած փառատօնին, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կողմէ: Այս իւրայատուկ եւ Պուրճ Համուտի մէջ մեծ խանդավառութիւն ու հետաքրքրութիւն ստեղծած, հայկական շունչը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները վերակենդանացուցած փառատօնին աւելի մանրամասն եւ համապատասխան լուսանկարներով կ՛անդրադառնանք այս սիւնակներով:
Այս փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարաշի, Ատանայի, Տիգրանակերտի, Սասունի, Էյպէզի, Մուսա լերան, Կեսարիոյ, Ուրֆայի, Խարբերդի, Ամանոսի հայրենակցական միութիւնները, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւնները, Արցախի ֆոնտը, ՔԱՀԼ-ը, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը, Գարակէօզեան հաստատութիւնը, ԱՖՀԻԼն ու «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ պայքարի կեդրոնը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը, Հայֆուտը, ԼՕԽ-ը, Համազգայինի գրախանութը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանը, ինչպէս նաեւ անհատ արուեստագէտներ:
Այս առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ հայկականին կառչելու, զայն մեծապէս արժեւորելու, անով սնանելու եւ զայն յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան վրայ: Նաեւ յատուկ կերպով խօսուեցաւ հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի եւ անոր դերակատարութեան մասին:
Ողջունելի այս փառատօնը ունեցաւ մեծ թիւով այցելուներ, ստեղծեց խանդավառ ու ուրախ մթնոլորտ, որ իր գագաթնակէտին հասաւ երեկոյեան տեղի ունեցած երգահանդէսով: րանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանը, ինչպէս նաեւ անհատ արուեստագէտներ:










