«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը շաբաթ, 3 յունիսին իրարու դէմ հանեց Սպանիոյ եւ Իտալիոյ նորընծայ ախոյեանները` Ռէալ Մատրիտն ու Եուվենթուսը:
Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի «Միլենիում» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ փակ մարզադաշտի վրայ` շուրջ 66 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Նախքան աւարտական այս մրցումին սկսիլը, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական բաւական ճոխ յայտագիր մը:
Մրցաշարքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ դաշտին կեդրոնը եւ ոչ թէ պատուոյ թրիպիւնին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, իր պատմութեան մէջ 12-րդ անգամ ըլլալով, Ռէալ Մատրիտ տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եունվենթուսին, որ Բ. կիսախաղին գրեթէ կորսուած վիճակ մը ունէր եւ ոչինչ կրցաւ ընել:

Ռէալ Մատրիտի կոլերը նշանակեցին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (20-րդ, 64-րդ), Քասեմիրօ (61-րդ) եւ Մարքօ Ասենսիօ (90-րդ), իսկ Եուվէի միակ կոլը` Մարիօ Մանծուքիչ (27-րդ):
Եուվենթուս մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ օրուան գերմանացի իրաւարար Ֆելիքս Պրիչ կարմիր քարտ մը տուաւ Խուան Քուատրատոյին (84-րդ):
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ յաջողեցաւ դառնալ առաջին ակումբը, որ տիտղոսը պահեց իր մօտ` յաջորդաբար երկու տարի դառնալով տիտղոսակիր:
Ասկէ բացի, Ռէալ Մատրիտ 59 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նոյն տարեշրջանին յաջողեցաւ դառնալ Սպանիոյ ախոյեան եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Իսկ Ռէալի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, յաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ կոլ սքորըրը (12 կոլ): Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա) աւարտական այս մրցումին արդիւնքին լոյսին տակ նահանջեց 2-րդ դիրք (11 կոլ):