Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 5 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Հուփս – Անթունիէ փլէյ-օֆի առաջին մրցումը:
Երկու կազմերուն միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին: