Քաթալոնիական Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի նախկին մարզիչ` Էրնեսթօ Վալվերտէ, նշանակուեցաւ ակումբին նոր մարզիչ` փոխարինելով Լուիս Էնրիքէն, որ քանի մը օր առաջ լքեց իր պաշտօնը:
53 տարեկան Վալվերտէ, որ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի հետ, անցնող այս տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ, նախապէս եղած է նաեւ Էսփանիոլի, Վիարէալի, Վալենսիայի, ինչպէս նաեւ յունական Օլիմփիաքոսի մարզիչ:
Նշենք, որ ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ: