Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով՝ Պրիւքսէլի մէջ

Մայիս 30, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՐԻՒՔՍԷԼ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան, 2017թ. Մայիս 28) – Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքները համակարգելու, այդ աշխատանքներուն նոր թափ տալու եւ աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու նպատակով, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ 27-28 Մայիսին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։

Ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Անգլիա, Յունաստան, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա) եւ Չեխիայէն ու Ջաւախքէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընդհանուր՝ շուրջ 35 հոգի։

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեցին Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Անոնք կարեւորեցին տարածաշրջանային այս խորհրդաժողովներուն գումարումը, որ սովորաբար տեղի կ՚ունենան 2-3 տարին անգամ մը, իսկ մինչ այդ՝ կը գումարուի Հայ Դատի յանձնախումբերու համահայկական խորհրդաժողովը, ինչպէս անցեալ տարի՝ տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։

Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախորդ մէկ տարուան աշխատանքները։ Լսեց զեկոյցներ՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մասին (ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարեն Նազարյան), Արցախի բանակցութիւններու եւ միջազգային իրավիճակի մասին (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյան), Ազրպէյճանի «խաւիարային դիւնագիտութեան» մասին (Մուշեղ Եկմալյան), Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի եւ հատուցումներու մասին (Պետօ Տէմիրճեան եւ Կիրոյ Մանոյեան), միջազգային հանրութեան՝ Արցախը որպէս հակամարտութեան գօտի կարծրատիպի փոփոխութեան՝ Արցախի մեկուսացումէն դուրս բերելու գործընթացի մասին (Հեղինե Էվինյան), Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական կառոյցներու հետ աշխատանքներու մասին (Հեղինե Էվինյան, Աշխեն Ֆիքսովա), Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու կազմութեան մասին (Գասպար Կարապետեան), Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի մասին (Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող՝ Արտակ Գաբրիելյան), Սուրիահայութեան վիճակի եւ աջակցութեան աշխատանքներու մասին (Կիրոյ Մանոյեան, Պետիկ Պետրոսեան), հանրային կապերու մասին (Պետօ Տէմիրճեան, Յարութ Շիրինեան)։ Բոլոր զեկոյցներէն ետք՝ հարց-պատասխաններուն յաջորդեցին ժողովականներուն կարծիքներու փոխանակումը եւ եզրակացութիւնները՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու կատարելիք աշխատանքներու մասին։

Խորհրդաժողովին ծանուցուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 16-17-ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան 4-րդ համաժողովը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ։ Համաժողովը պիտի կայանայ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնված գործընկերութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ հատուցումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման աշխատանքներուն։

Խորհրդաժողովին փակումը կատարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ով ինչպէս բացման իր խօսքին մէջ, դարձեալ գոհունակութիւն յայտնեց մեծ թիւով երիտասարդներու Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ այս խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար։

Շաբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի մարմնին կազմակեր¬պութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարյանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Երեկոն խանդավառեց երգիչ Աղասի Իսպիրեանը։

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

28 Մայիս, 2017
Պրիւքսէլ, Պելճիքա

Նախորդը

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

Յաջորդը

Խաթարման եւ խորթացման վտանգաւոր ուղին 30/05/2017 (Պապանձումը Դաշնակցութեան Մասին)

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?