Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 25 մայիսին ստորագրած է նախարարներ նշանակող հրամանագիրներ:
Նախագահի հրամանագիրներով նախարար նշանակուած են`
Վաչէ Գաբրիէլեան` միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ. Սուրէն Կարայեան` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար. Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար. Վիգէն Սարգսեան` պաշտպանութեան նախարար. Իգնատի Առաքելեան` գիւղատնտեսութեան նախարար. Աշոտ Մանուկեան` ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար. Վահան Մարտիրոսեան` փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար. Դաւիթ Յարութիւնեան` արդարադատութեան նախարար. Հրանուշ Յակոբեան` սփիւռքի նախարար. Վարդան Արամեան` ելեւմուտքի նախարար:
Նախագահի հրամանագիրները հրապարակուած են Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք: Նիստի գլխաւոր օրակարգը եղած է նախարարներու նշանակման հարցը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն տեղեկացուցած է, թէ կուսակցութեան Գործադիր մարմինը որոշած է կառավարութեան կազմին մէջ էական փոփոխութիւններ չմտցնել:
«Այս փուլին, ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատենք վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի աշխատանքները: Պիտի ըլլայ մէկ փոփոխութիւն. դուք գիտէք, որ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարը Ազգային ժողովին մէջ ունի քաղաքական մեծամասնութեան աջակցութիւնը, եւ այդ պաշտօնը պիտի վերացուի եւ պիտի դառնայ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար: Նախարարներու 19 թիւը կը դառնայ 18, կը համապատասխանեցուի նոր սահմանադրութեան», ըսաւ Շարմազանով:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը նաեւ տեղեկացուց, որ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի միայն արդարադատութեան նախարարը:
«Մնացած նախարարները, ներառեալ Դաշնակցութեան մեր գործընկերները, պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը կառավարութեան մէջ», եզրակացուց Շարմազանով: