Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահները Ընտրուած Են

Մայիս 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 մայիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւնը: Մինչեւ քուէարկութիւնը, բոլոր 9 յանձնախումբերու նախագահներու  թեկնածուները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու պատկերացումները` յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու յանձնախումբին մէջ ՀՀԿ խմբակցութիւնը առաջարկած է հանրապետական Յակոբ Յակոբեանի թեկնածութիւնը:

Եւրոպական համարկումի հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին «Ծառուկեան» դաշինքին կողմէ առաջարկուած է Նայիրա Զոհրաբեանի թեկնածութիւնը:

Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին մէջ ՀՀԿ-ն առաջարկած է Արմէն Աշոտեանի թեկնածութիւնը:

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբին` Հանրապետական Կորիւն Նահապետեանի թեկնածութիւնը:

«Ծառուկեան» դաշինքը Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու յանձնախումբին մէջ առաջարկուած է Վարդան Բոստանջեանի թեկնածութիւնը, Պետաիրաւական եւ հանրային հարցերու յանձնախումբին առաջադրուած է Հանրապետական Հրայր Թովմասեանի թեկնածութիւնը, Տնտեսական հարցերու յանձնախումբին մէջ` Խոսրով Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը, Տարածքային կառավարման եւ գիւղատնտեսութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է «Ծառուկեան» դաշինքէն Վարդեւան Գրիգորեանի թեկնածութիւնը, իսկ Ֆինանսապիւտճէական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին` Գագիկ Մինասեանի թեկնածութիւնը:

Յանձնախումբի նախագահի թեկնածուներու ելոյթներէն եւ անոնց ու միւս պատգամաւորներու հարցուպատասխաններէն ետք Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան նշեց, որ քուէարկութիւն պիտի ըլլայ 9 քուէաթերթիկներով: Ամփոփելով յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւններու արդիւնքները` Մելիքեան ըսաւ, որ ընտրութեան 105 պատգամաւորէ մասնակցած են 94-ը:

Ձայներու յարաբերակցութիւնը ցոյց տուաւ հետեւեալ պատկերը.

Յակոբ Յակոբեան-1 անվաւեր, 80 կողմ, 13 դէմ
Նայիրա Զոհրաբեան- 4 անվաւեր, 73 կողմ, 17 դէմ
Արմէն Աշոտեան-2 անվաւեր, 56 կողմ, 36 դէմ
Կորիւն Նահապետեան-2 անվաւեր, 81 կողմ, 11 դէմ
Վարդան Բոստանջեան-2 անվաւեր, 85 կողմ, 7 դէմ
Հրայր Թովմասեան-0 անվաւեր, 78 կողմ, 16 դէմ
Խոսրով Յարութիւնեան- 1 անվաւեր, 78 կողմ, 15 դէմ
Վարդեւան Գրիգորեան-1 անվաւեր, 87 կողմ, 6 դէմ
Գագիկ Մինասեան-1 անվաւեր, 92 կողմ, 1 դէմ

 

 

Նախորդը

Յայտնի Են Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժի Յանձնագիրներուն Թիւը` Երեւանի Աւագանիին Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?