Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոկլընտ. «Ամերիկա Սերտօրէն Կը Համագործակցի Մոսկուայի Հետ` Արցախի Տագնապի Լուծման Համար»

May 15, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի ժամանակաւոր համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ մայիս 10-ին յայտարարեց, թէ, հակառակ այն իրողութեան որ որոշ հարցերու շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպատակով:

Ան այս հաստատումը կատարած է «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական եւ ազրպէյճանական ծառայութիւններուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Անշուշտ մեր ազգային շահերը տարբեր են Ռուսիոյ ազգային շահերէն, որովհետեւ մենք ունինք յարաբերութիւններու տարբեր պատմութիւն, ունինք տարբեր տեսակէտներ եւ մօտեցումներ: Սակայն, տարբեր շահեր ունենալը չի նշանակեր, որ մենք չենք կրնար միասնաբար աշխատիլ այս հարցին շուրջ», ըսած է ան:

Դեսպանին համաձայն, Մոսկուա, Ուաշինկթընին եւ Փարիզին նման, կը փափաքի խաղաղութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ:

«Վստահ եմ, որ Մոսկուա չի փափաքիր պատերազմ ծաւալի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Նման պատերազմ մը պիտի ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը եւ վնաս պիտի հասցնէ Ռուսիոյ շահերուն», նշած է ան:

Ըստ Հոկլընտի, ներկայիս միջնորդները կը փորձեն կողմերուն միջեւ լիարժէք բանակցութիւններու վերսկսիլ. ««Մեր նպատակն է ստեղծել վստահութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, որ երկու կողմերը բանակցային սեղան բերելու առիթ պիտի ընծայէ»:

Անդրադառնալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին` ան աւելցուցած է. «Չենք հասած այն կէտին, ուր միջազգային հանրութիւնը` խաղաղապահներու կամ տնտեսական օգնութեան միջոցով, պիտի կարենայ երաշխաւորել բռնութեանց կասեցումը: Այս մէկը պիտի իրականացուի ղեկավարներուն ջանքերով»:

Դեսպանին համաձայն, եկած է տագնապին փոխզիջումնային լուծման ժամանակը. ան նշեց, որ այդպիսով կողմերը ոչ թէ կորուստներ պիտի կրեն, այլ իւրաքանչիւր կողմ պիտի շահի:

«Վերջ ի վերջոյ, խաղաղ բանակցութիւններով լրջօրէն զբաղիլը երկու կողմերու ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է: Երբ այդ մէկը տեղի ունենայ, տարածաշրջանին համար պիտի բացուին ամէն տեսակի կարելիութիւններ` կապի, փոխադրութեան զարգացման, մեկուսացման վերացման եւ առաւել ձեռնտու տնտեսական պայմաններու ստեղծման համար», ըսած է Հոկլընտ:

Ամերիկացի համանախագահը նաեւ ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աւելի աշխուժ կերպով ներգրաւուին խաղաղութեան գործընթացին մէջ` աւելցնելով. «Նոր վարչակազմը նոր սկսած է մշակել իր արտաքին քաղաքական մօտեցումները, այնպէս որ եկէք աւելի համբերատար ըլլանք եւ տեսնենք, թէ յառաջիկայ ամիսներուն այս բոլորը ինչպէ՛ս պիտի զարգանան»:

 

Նախորդը

«Ակօս»-ի Խմբագրակազմին Սպառնացած Թուրք Ազգայնականները Դատապարտուած Են 5 Ամսուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

Ըստ Քոցի, Արցախի Մէջ Ռազմական Գործողութիւններու Հաւանականութիւն Կայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.