Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Ռէալ Մատրիտ ապահովեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը:
Այսպիսով, արքայական ակումբը գերազանցեց Պարսելոնայի հաստատած մրցանիշը` 19-րդ անգամ ըլլալով հասնելով եւրոպական մրցաշարքերու աւարտականին:
Ռէալ Մատրիտ, որ 15-րդ անգամն ըլլալով աւարտականի մրցում ունի կատարելիք (Եուվենթուսի դէմ) այս մրցաշարքին գծով, երկուքական անգամ նաեւ մասնակցած է Եւրոպայի բաժակակիր խումբերու եւ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքերու աւարտականին:
Այլ գետնի վրայ, Ռէալ Մատրիտ նաեւ հաւասարեցաւ Պայէրն Միւնիխի հաստատած մրցանիշին: Վերջինս 2013-2014 տարեշրջանին յաջորդաբար 61-րդ մրցումը ըլլալով կոլ նշանակած էր:
Շատ հաւանաբար Ռէալ Մատրիտ նաեւ հաստատէ նոր մրցանիշ մը, եթէ կարենայ կոլ նշանակել աւարտական մրցումին: