Goal.com կայքին համաձայն, լոնտոնեան Արսենալի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ որոշեց փոխել իր ակումբը: Կը նշուի, որ այս ամառ չիլիցի ֆութպոլիստը պիտի տեղափոխուի Պայէրն Միւնիխ:
Կը նշուի նաեւ, սակայն ոչ պաշտօնապէս, որ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը, Սանչեզ հանդիպում մը ունենալով Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկերի հետ, անոր հետ պիտի խօսի իր ապագային մասին: