Այս տարի ամրան ընթացքին տեղի ունենալիք Եւրոպայի եւ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութիւններուն, Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 6 հաւաքականներով (4 տղաք եւ 2 աղջիկներ):
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան այս առնչութեամբ յայտնեց, որ Հոնկ Քոնկի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՖԻՊԱ-ի միջազգային համագումարին:
«Տարիքային վեց խումբ ունենալը շատ լաւ նշան է: 2011-ին ունէինք միայն մէկ խումբ` Եւրոպայի ախոյեանութեան: Այժմ բաւական յառաջդիմած ենք եւ կը յուսանք աւելի առաջ երթալ:
«Ներքին ախոյեանութիւններուն մակարդակը պէտք է բարձրացնենք, որպէսզի կարենանք կայուն յառաջխաղացք արձանագրել:
«Նախընտրական առաջին հանգրուանի մրցումները պիտի կատարենք «Միքա» մարզահամալիրին մէջ: Բայց եթէ պատահի, որ յաջորդ հանգրուան հասնինք, չենք կրնար մեր մրցումները հոն կատարել, որովհետեւ ՖԻՊԱ-ն կը պահանջէ, 3000-է աւելի համակիր հիւրընկալող մարզադաշտ: Այսպիսի կարելիութիւն ունի միայն Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամալիրը:
«Պէտք է համապատասխան պայմաններ ստեղծենք համալիրին մէջ` լաւ արդիւնքի հասնելու համար», յայտարարեց Արթուր Նազարեան: