Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտ մասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Հայաստանի ներկայացուցիչը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:
Տիտղոսին տիրացողը ապահովեց 7,5 կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 երկիրներու 95 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 12 կրանտ մասթըրներ: