«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պոսթըն Սելթիքս-Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի հինգերորդ ճակատումը` Պոսթընի մէջ:
Սելթիքս 123-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Ուիզըրտծը:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Սելթիքս պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր պիտի ճակատի արդէն իսկ Արեւելեան շրջանին իր տոմսը ապահոված Քլիվլենտ Քաւալիրզի դէմ:
Երէկուան այս մրցումին Սելթիքսի մարզիկ Էյվըրի Պրետլի նշանակեց 29 կէտ:
Այսօր Հիուսթըն Ռոքեթց (Արեւմտեան շրջան) կը հիւրընկալէ Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Սփըրզ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Ռոքեթցը: