Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Կիպրոսի իր հասակակիցներուն դէմ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Արմէն Նահապետեան նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը, իսկ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, պահեստի մարզիկ Աբրահամ Փորթուգալեան` յաղթանակի կոլը:
Երկու խումբերուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, այսօր` հինգշաբթի, 11 մայիսին: